Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է 44 անգամ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 500 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ լրատուական ծառայութենէն։
Բացի հրաձգային զինատեսակներէ, արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ականանետ (1 արկ) եւ հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետ (4 արկ):