30 եւ 31 Յունուարին Արցախեան սահմանային հատուածի երկայնքով հակառակորդը հերթական կրակոցներէ բացի կիրարած է նաեւ ականանետեր: Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Ազրպէյճանական կողմը հայկական սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ նետած է 60 միլիմեթրանոց 8 արկեր ինչպէս նաեւ արձակած շուրջ 1500 կրակոց: Հայկական սահմանապահ ուժերը պատասխան կրակ տալով կը շարունակեն լռութեան մատնել թշնամիի կրակակէտերը: