image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի ( ԺԶ. Մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի ( ԺԶ. Մաս)

Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր, 2018

Ձմրան առաջին օրն է հոս։ Արեւմուտքի մէջ պէտք է սպասել մինչեւ արեւադարձը՝ Դեկտեմբերի 21-ը ձմեռնամուտի համար։ Եղանակը ցրտեց բայց ոչ այնքան։ Հայաստանի որոշ շրջանները արդէն ձիւնով եւ մերկասառոյցով ծածկուած են...

Ինծի կը թուի որ տարերային արհաւիրքները շատցած են։ Անդադար կը լսենք ջրհեղեղներու, երկրաշարժներու, ժայթքող հրաբուխներու, անտառային հրդեհներու, սողանքներու եւ մրրիկներու մասին, ու անոնց ետին թողած աւերուածութիւններու եւ զոհերու մասին, աշխարհի չորս ծագերուն։ Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Թրամբը, չի հաւատար կլիմայական փոփոխութիւններու վտանգին եւ կը մերժէ նախազգուշանան քայլերու դիմել... Գիտնականները հակառակը կը պնդեն։ Որքան պիտի ուզէի, որ այս պարագային Թրամբը ըլլար ճիշդը...


Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր, 2018

Արդէն պէտք է պատրաստուիլ տօներուն։ Հարեւան Սուսանը արդէն «թաթխեց» շարոցները, տօնական սեղանին համար։ Հոս շարոց պատրաստելու եղանակը «թաթխել» բառով կը նկարագրեն։ Արդէն ստացանք աման մը «շփոթ»։ Բառարանը այս բառը կը բացատրէ որպէս «խաղողի հիւթով ու ալիւրով պատրաստուող խոյս, որից շարոց են պատրաստում»։ Երբ շարոցները չորնան, անպայման անոնցմէ ալ բաժին կը հանեն մեզի համար։

Մենք շարոց չենք թաթխեր, բայց ունինք այլ պատրաստութիւններ։ Ջիլի մանկապարտէզի 40 սաներուն համար պէտք է նուէրներ գնել, գիւղի ամանորեայ տօնակատարութեան օրը, գիւղի երախաներուն համար քաղցրաւենիքի տուփեր գնել (150 հատ), որպէսզի կաղանդ պապան ձեռնունայն չայցելէ մեզի, գիւղի կարիքաւոր ընտանիքներուն համար ամանորեայ զամբիւղներ պատրաստել (20 հատ), մեր երբեմնի «երախաներուն» զաւակներուն համար փոքրիկ նուէրներ պատրաստել (7 հատ), հետամուտ ըլլալ, որ մեր գիւղի հրապարակը զարդարուած եւ լուսաւորուած է տօներու առիթով, եւ որ ամանորեայ միջոցառման պատրաստութիւնները տեղի կ’ունենան, ապա մտածել կաղանդի եւ խթման սեղաններու մասին...

Վալդերը այսօր տեղադրեց մեր տան առջեւի բակի կաղանդի լոյսերը։ Երկու եղեւնիները լուսաւորուած են եւ ամբողջ տունը լազերային լոյսով ծածկուած։ Այս երեկոյ երբ լոյսերը վառենք, տօնական եղանակը բացուած կը համարենք։ Գիւղին մէջ տօներու համար տուներն ու այգիները զարդարելը քիչ քիչ կ’ընդհանրանայ։ Տեսնենք այս տարի քանի տուն պիտի լուսաւորուի...

Կէսօրէն ետք մեզի այցելութեան կու գան Հայկը, Պետրոսը եւ Հրաչուհին։ Երեքն ալ նախկին իրաքահայեր են եւ այժմ երեւանցիներ։ Արմանը Հայկին հանդիպած էինք, զարմիկս՝ Գէորգին այցելութեան առիթով։ Պետրոսին եւ Հրաչուհիին առաջին անգամ կը հանդիպինք։ Ահաւասիկ սփիւռքահայեր, որոնք ոչ միայն կայք հաստատած են Հայաստանի մէջ այլ նաեւ ոգին ի բռին կը ջանան իրենց լուման բերել մեր երկրի առաջընթացին։ Պետրոսը իրականացուցած է Վետիի բարեկամներ անուանմամբ խումբ մը հայերու աջակցութիւնը, Վետի քաղաքին մէջ բարեգործական աշխատանքներ իրականացնելու։ Հրաչուհին պաշտօնապէս հաստատած է կազմակերպութիւն եւ ունի վկայեալ անձնակազմ, որ գիւղերու մէջ փոքր գործարարներուն կ’օգնէ նորարական ձեւերով իրենց գործը ընդարձակելու, կամ նոր գործ սկսելու։ Պետրոսը մեզի կը նուիրէ իր հեղինակած երկու պատմագրական գրքերը։ Տարբեր ձեւերով այր ու կին ջանք չեն խնայեր օգտակար ըլլալու տեղաբնակներուն։ Նման մարդիկ բազմաթիւ են։ Անոնք ըստ իրենց մասնագիտութեան ընտրած են իրենց ածուն եւ ջանք չեն խնայեր դրական փոփոխութիւններ բերելու մեր երկրին մէջ։ Ուրախ ենք, որ Հայկը որոշած է մեզի իրարու ծանօթացնել։


Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր, 2018

Այսօր Աշտարակ կ’իջնենք Ջիլ գիւղի մանկապարտէզի 40 սաներուն կաղանդի նուէրները ապսպրելու (հոս պիտի ըսէին պատուիրելու)։ Վերադարձին հարեւան Հիլտային մօտ այցելութեան եմ, երբ հարեւան Սուսանը կը հասնի թեւին տակ իր համակարգիչը։ Երբ ան դադրի աշխատելէ, ինքը եւ ամուսինը՝ Կորիւնը կը կորսնցնեն իրենց կապը իրենց միակ զաւկին Ռոպերտին եւ թոռներուն ու ծոռներուն հետ, որոնք Մոսկուայաբնակ են։ Այս անգամ հեշտութեամբ չեմ յաջողիր շտկել համացանցային կապը, ուստի հեռաձայնով կը դիմեմ համացանցային կապը հայթայթող ընկերութեան եւ կը հետեւիմ իրենց ցուցմունքներուն հարցը լուծելու համար։ Մինչ Հիլտայի խոհանոցի սեղանին շուրջ այս աշխատանքով զբաղուած եմ, Մարգարը լուր կը ղրկէ որ հիւր ունինք եւ տուն վերադառնամ։ Սուսանին համակարգիչը չեմ յաջողիր աշխատցնել եւ երբ տուն կը վերադառնամ, մեր հիւրը արդէն գացած է...

Մարգարը կը պատմէ, որ ան միջին տարիքի կին մըն էր, Արարատի մարզի Այնթապ գիւղէն, որ արցախեան պատերազմին կորսնցուցած է իր ամուսինը եւ այժմ աղջկան հետ կը բնակի Գանատայի մէջ։ Կ’ուզէ իր ծննդավայր գիւղին օգտակար ըլլալ։ Եկած է Մարգարէն խորհուրդներ ստանալու թէ ինչպէ՞ս։ Մարգարը իրեն պատմած է մեր փորձառութենէն... Ափսոս, որ չհանդիպեցայ իրեն։

Այսօր աղբահաւաք մեքենան եկաւ։ Երբեմն աղբը ճամփեզր կը հանենք, բայց երեկոյեան յուսախաբ ետ ներս կ’առնենք։ Երբ մեքենան փճանայ կամ աղբահաւաքը հիւանդանայ, գործարքը չեղեալ կը նկատուի... Ուստի երբ աղբահաւաք մեքենան յայտնուի, ուրախութեամբ իրարու կը դիմենք, որ աղբահաւաքը եկաւ... ուրիշ ո՞ւր կարելի է ուրախանալ նման բաներով... 

Համաներման որպէս արդիւնք ազատ արձակուած դատապարտեալներու թիւը հասաւ 545-ի։ Առաւել, այսօր կը կարդամ, որ 272 քրէական գործ «կարճուած» են։ Կարճել ըստ Աղայեան բառարանին կը նշանակէ դատական գործը կասեցնել... Կ’ակնկալուի, որ յաջորդ երեք ամիսներուն, համաներման որպէս արդիւնք գործարքները կ’ամբողջանան...


Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր, 2018

Հարեւան Սուսանի համակարգիչը Աշտարակ կը տանինք եւ համացանցային հայթայթողի օգնութեամբ կը շտկուի։ Տէր եւ տիկին այնքան ուրախ են, որ արժէր այս աջակցութիւնը ցոյց տալ։ Սուսանը որպէս շնորհակալութիւն մէկ երկոտասնեակ տնական հաւկիթ կը բերէ մեզի...

Ըստ խնդրանքիս, Վալդերը այսօր կը սրսկէ մեր ծիրանի ծառերը հակասնկային կապոյտ հեղուկով։ Համացանցային պրպտումներուս որպէս արդիւնք, քանի մը տարի առաջ գտած էի, որ ծիրանի պտուղին վրայ կարմիր կէտեր չունենալու համար աշնան եւ գարնան հակասնկային սրսկումներ պէտք է իրականացնել։ Սկիզբը թերահաւատութեամբ մօտեցան այս տեղեկութեան։ Կը պնդէին, որ բիծերը կլիմայական պայմաններու արդիւնք են։ Տեսնելէ ետք, որ իսկապէս մեր ծիրանները բիծեր չունին, վերջապէս համոզուեցան։ Երէկ, հարեւան Սոնիկը եկաւ իմանալու թէ ինչով եւ երբ սրսկեն ծիրանները։ Ներքնապէս ժպտացի։

Այսօր երեկոյեան երբ հարեւաններով նստած էինք մեր խոհանոցի սեղանին շուրջ, յայտարարեցի, որ խնձորի ծառերուն տակ թափուած տերեւ կամ խնձոր պէտք չէ մնայ ձմրան ընթացքին, խնձորին վրայ բիծեր չունենալու համար։  Ո՞վ ըսաւ,- հակադարձեցին եւ աւելցուցին, որ իրենց պապերը դիտմամբ կը ձգէին տերեւները եւ խնձորները, որպէս պարարտացուցիչ։ Բացատրեցի, որ տեղեկութիւնը համացանցէն ստացած եմ եւ որովհետեւ արձագանգը շատ ուժգին էր, առանց շատ մտածելու աւելցուցի, որ հարցը գլխաւորաբար այն է, որ կը շարունակենք մեր պապերէն եկած մեթոտները օգտագործել եւ չենք մտածեր զանոնք զարգացնելու եւ ժամանակակից գիտութենէն օգտուելու մասին... Մեր պապերը աւելի լաւ գիտէին,- շարունակեցին։ Եւ որովհետեւ վիճաբանութիւնը շարունակելու նպատակ չունէի, նիւթը փոխեցի։ Հիմա գիտեմ, որ քանի մը տարիէն կը սկսին հաւատալ ըսածիս։ Ափսոս, որ գիւղատնտեսական գիտութիւն չունինք։ Մեր համագիւղացիները կը պնդեն, որ հողը մշակելը շահութաբեր չէ, եւ կը դադրին հողը մշակելէ, փոխանակ զայն շահութաբեր դարձնելու ձեւեր որոնելու...


Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր, 2018

Մարաթոն մը եւս։ Այսօր երեկոյեան լուրերէն ետք հանրային հեռատեսիլի կայանէն հեռարձակեցին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող 11 քաղաքական ոյժերուն համատեղ բանավէճը։ Նախօրօք չէի գիտեր այդ մասին։ Յայտարարութիւնը լսեցի երեկոյեան լուրերուն ընթացքին։ Փոխանակ լուրերէն ետք անկողին մտնելու որոշեցի մնալ եւ դիտել զայն։

Բանավիճողները քաղաքական ոյժերուն առաջին դէմքերն էին։ Հակառակ, որ մօտէն կը հետեւիմ ընտրապայքարին, պէտք է խոստովանիմ, որ 11-էն երկուքին ծանօթ չէի։ Ձեւաչափը թէեւ արդար էր, բոլորին հաւասար առիթ տալու առումով, սակայն որեւէ նիւթի մէջ խորանալու չէր նպաստեր։ Մասնակիցները բաւական քաղաքակիրթ էին եւ հետեւեցան բանավէճի օրէնքներուն։ Փաշինեանը այսօր իր վարչապետի եւ լուրջ քաղաքական գործիչի գլխարկը դրած էր եւ ճչացող հռետորի գլխարկը մէկդի նետած։ Որպէս նախկինէն ի վեր Վիգէն Սարգսեանի կարողութիւններուն հաւատացող, ափսոսացի, որ Հանրապետական կուսակցութեան բազմաթիւ սխալները իր քամակին շալկելու որոշում առած էր...  Ըստ ինծի, Էտմոն Մարուքեանը, Արամ Սարգսեանը եւ Արմէն Ռուստամեանը եւս հաւասարակշռուած ելոյթներ ունեցան։ Ծառուկեանի արտայայտութեան ձեւը երբեք քաղաքական գործիչի տպաւորութիւն չէ ձգած վրաս։ Զիս բոլորովին չտպաւորեցին նոր կուսակցութիւններու առաջին դէմքերը...

Այս բանավէճը տեւեց երեքուկէս ժամ։ Չեմ գիտեր, որ Հայաստանի բնակչութեան որ տոկոսը այս ուշ ժամուն հետեւեցաւ անոր մինչեւ վերջ...

Այս բոլորէն շահեցաւ իմ հելունագործութիւնս։ Այս օրերուն հարսերուս համար ծածկոցներ կը հիւսեմ, որպէս ժառանգ։ Հաւանական է, որ աւելի երկար ժամանակ յիշուելու եսասիրական արարք մըն է այս մէկը։ Երեքուկէս ժամ անընդմէջ հեռատեսիլին առջեւ նստիլը պատճառ եղաւ, որ այս աշխատանքը զգալիօրէն առաջ երթայ...


Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր, 2018

Մամուլին մէջ չհանդիպեցայ որեւէ վերլուծութեան, երէկ տեղի ունեցած բանավէճին մասին, ուստի չեմ գիտեր, որ այս բանավէճը ինչ տպաւորութիւն ձգեց ժողովուրդին վրայ։ Կը կասկածիմ, որ ան որեւէ ձեւով ազդեց ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ։ Արեւմուտքի մէջ, նման բանավէճերուն կը յաջորդեն քաղաքական վերլուծումները...

Կեսուրէս սորված եմ կարոս բառը (celery), սակայն ան հոս կը կոչուի նեխուր։ Կռանեան բառարանին մէջ կը գտնեմ կարոսը, բայց ոչ նեխուրը։ Մալխասեանցը ունի երկուքն ալ եւ զանոնք հոմանիշ կը նկատէ։ Շփոթեցուցիչ է սակայն ազատքեղի կամ մաղատանոսի մասին ակնարկը...


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր, 2018

Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցն է։ Այս պատահարը այնքան խոր վէրքեր ձգած է, թէ հոգեպէս եւ թէ նիւթապէս, որ 30 տարի ետք անոնք չեն սպիացած։ Կրկին կը խօսուի տակաւին տնակներու մէջ ապրողներու, անտուններու եւ անմխիթար վիճակի մէջ յայտնուած ընտանիքներու մասին։ Կառավարութիւնը այսօր իր արտագնայ նիստը կը գումարէ Գիւմրիի մէջ։ Էջմիածինը 10 տուն կը նուիրէ տակաւին անտուն մնացածներուն։ Այցելութիւններ զոհուածներու յուշարձաններուն, ծաղկեպսակներ, ուղերձներ, պատարագ, խոստումներ... Հակառակ, որ կարճ նախընտրական պայքարի վերջին 12-րդ օրն է, երկու քաղաքական ոյժ՝ «Իմ քայլը» եւ ՀՅԴ-ն կը դադրեցնեն իրենց նախընտրական քարոզչութիւնը ի յիշատակ զոհուածներուն։ Հեռատեսիլէն անդրադարձը ծաւալուն է։

Երկրորդ նախագահ՝ Ռոբերտ Քոչարեանը կրկին կը կալանաւորուի...

Երեկոյեան, հարեւան Արտաշը, կնոջ եւ զաւկին հետ այցելութեան կու գայ։ Լսելով, որ յաջողած եմ հարեւան Սուսանի համակարգիչը կարգի բերել եւ արագացնել, իր համակարգիչը բերած է, որ աչք մը նետեմ։ Ես մասնագիտութեամբ ծրագրաւորող եղած եմ, եւ համակարգիչներու կարգաւորումը մասնագիտութեանս ծիրէն դուրս է։ Երբ համակարգիչը ռուսերէն լեզուով դասաւորուած է, բոլորովին անելի կը մատնուիմ, այդ լեզուին անծանօթութեան պատճառաւ։ Դժբախտաբար, չեմ յաջողիր օգտակար ըլլալ իրեն։ Կինը՝ հարս Սուսանը տոպրակ մը թել բերած է հետը եւ կ’ուզէ իմ աշխատած ծածկոցէս հելունագործել։ Գոնէ իրեն կը յաջողիմ օգտակար ըլլալ...

Խօսակցութեան ընթացքին, Արտաշը կը դիմէ իր տղուն՝ Արտակին, եւ կը թելադրէ, որ անպայման վարսավիրին այցելէ յաջորդ օրը։ Կը յիշեցնէ, որ Կիրակի առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընտրութեան մասնակցի եւ կարելի չէ չկտրուած մազերով երթալ։ Սուսանը կ’ըսէ, որ ինք ալ վարսավիրին պիտի այցելէ ընտրութեան չգացած... Ընտրատեղամաս այցելութեան տրուած այս կարեւորութիւնը կը զարմացնէ զիս։


Շաբաթ, 8 Դեկտեմբեր, 2018

Այսօր «Լռութեան Օր» է։ Կարելի չէ որեւէ քարոզչական աշխատանք իրականացնել...Վաղը նոյնպէս, մինչեւ ընտրատեղամասերու փակումը, կարելի չէ քարոզչութիւն իրականացնել։ Նախընտրական պաստառները ամէն տեղ են, պարզապէս բանաւոր խօսքի մասին է հարցը...

Ջիլի մանկապարտէզի երախաներուն համար ապսպրուած նուէրները հասած են։ Աշտարակ կ’իջնենք զանոնք ստանձնելու։


Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր, 2018

Մարգարը եւ ես Երեւան գրանցուած ենք, ուստի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար այսօր Երեւան կ’իջնենք։ Ընտրատեղամասը մեր յարկաբաժնի բակին մէջ գտնուող «Խնկօ Ապեր» մանկական գրադարանին մէջ է։ Երբ ներս կը մտնենք, արդէն ընտրողներ կան։ Քուէախցիկ մօտենալու համար հերթ կայ։ Կը քուէարկենք եւ կը վերադառնանք Ուշի։

Ըստ լուրերուն, ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը մեծ չէ։ Մօտ երկու տարի առաջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը զիջի։ Ոմանք անձրեւոտ եղանակով կը պատճառաբանեն նուազումը, ոմանք ընտրակաշառքի խթանիչ ազդակի բացակայութիւնով, ուրիշներ արդիւնքներու արդէն բացայայտ ըլլալով։ Չարամիտները այլ բացասական միտումներ կը պատճառաբանեն...

Երեկոյեան արդէն յայտնի է, որ ընտրութեան մասնակցութիւնը 48.63 տոկոս է։ Յաղթողներուն եւ պարտուողներուն մասին իմանալու համար պէտք է սպասել մինչեւ վաղը առաւօտ։...


Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր, 2018

Առաւօտ կանուխ արդէն յայտնի են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Խորհրդարան կ’անցնին 11 քաղաքական ոյժերէն երեքը։ «Իմ քայլը» դաշինքը ստացած է ձայներու 70.42 տոկոսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը՝ 8.26 տոկոսը եւ Լուսաւոր Հայաստան Կուսակցութիւնը 6.37 տոկոսը։ Հիներէն Հանրապետականները, ՀՅԴ-ն եւ Օրինաց Երկիրը չեն կրցած յաղթահարել նուազագոյն շեմը, իսկ նոր հիմնուած կուսակցութիւնները չեն յաջողիր կարճ ժամանակուան ընթացքին տեղ հասնիլ...

Երեւի մեր սահմանադրութիւնը գրողներուն մէջ կային հաշուապահներ...

Հետաքրքրական է... Խորհրդարանը պէտք է ունենայ նուազագոյնը 101 պատգամաւոր առաւել 4 փոքրամասնութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներ, պայմանաւ որ ընդդիմութիւնը առնուազն 30 տոկոսով ներկայացուած ըլլայ... Լուծարուած խորհրդարանը ճիշտ այդ թիւերով էր... «Իմ քայլը» դաշինքի 70 տոկոսանոց արդիւնքը պատճառ պիտի դառնայ որ խորհրդարանին մէջ աւելի մեծ թիւով պատգամաւորներ ունենանք, ապահովելու համար ընդդիմութեան 30 տոկոս ներկայութիւնը։ Այսպիսով, «Իմ Քայլը» կ’ունենայ 84 առաւել չորս փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները, Բարգաւաճ Հայաստանը 26 եւ Լուսաւոր Հայաստանը 18... Նոր խորհրդարանը կ’ունենայ 132 պատգամաւոր... Յուսամ խորհրդարանին մէջ կան այդ թիւով աթոռներ եւ գրասենեակներ...


Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր, 2018

Նախընտրական պայքարի ընթացքին գործածուած բառամթերքը որոշակիօրէն կ’անտեսէր գրական հայերէնի օրէնքները։ Արդէն սովոր էինք լսել իներցիա, թալան, կոռուպցիա, սքանաւորել, ռէյտինգային, ամբիցիա, կոմպրոմիս, կոնկրետ, ֆիկսել, շտաբ, կադր, մանդատ եւ այլ օտարաբանութիւններ, որոնց հայերէնները գոյութիւն ունին, սակայն չեն օգտագործուիր։ Ասոնց վրայ աւելցաւ դեբատ  (debate) բառը։ Բանավէճ բառը գործածութեան մէջ է, բայց չես գիտեր ինչո՞ւ բառամթերքին մաս կազմեց նաեւ դեբատը... Ամէն անգամ, որ հաղորդավար մը կամ քաղաքական գործիչ մը արտաբերեց այս բառը զայրոյթով «բանավէճ» ճչացի հեռատեսիլի պաստառին, զարմացնելով Մարգարը... Մինչ մեծ յոյսեր կը տածենք , որ մեր լեզուն տակաւ կը մաքրուի, նոր օտարաբանութիւններ կը սողոսկին անկէ ներս, անհարկիօրէն։

Հասան տօնածառի տեսքով քաղցրաւենիքի տուփերը։ Մէկ մասը պիտի աւելնան Ճիլի մանկապարտէզի սաներուն կաղանդի տոպրակներուն, իսկ մեծամասնութիւնը մեր գիւղի երախաներուն համար են։


 Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր, 2018

Այսօր մեր առջինեկին՝ Յովիկին տարեդարձն է։ Թէեւ ան ովկիանոսներէն անդին է իր ընտանիքին հետ, սակայն ես եւ Մարգարը կը վերապրինք իր ծննդեան յուզիչ պահերը... Յովիկը այսօր կը դառնայ 39 տարեկան, բայց մեզի համար դեռ նոյն երախան է։ Կ’որոշենք նշել իր տարեդարձը առանց իրեն։ Պատանեկութեանս ներկայ եղած եմ նշանտուքի մը, ուր փեսացուն բացակայ էր... Հարսնցուն այլ ցամաքամաս պիտի ճամբորդէր իրեն միանալու համար։ Փեսացուի նկարը դրած էին սեղանին վրայ... Մեր տարեդարձի նշման նկար չկար, բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ այդ դրուագը յիշեցի։ 


Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր, 2018

Լուրերը սկսան ձանձրանալի թուիլ...  Յետընտրական անդորրը յատկանշական չէ մեր երկրին համար։ Բոլոր քաղաքական ոյժերը կ’ընդունին, որ ընտրութեան արդիւնքները կ’արտացոլան ժողովուրդի կամքը։ Կան փոխադարձ մեղադրանքներ, այս կամ այն մարդու կամ ոյժի կողմէ հովանաւորուած ըլլալու կապակցութեամբ, գաղտնի կապերու եւ համաձայնութիւններու մասին, սակայն համակարգային խախտումներու մասին խօսք չկայ...

Քաղաքականութեան մէջ համբակ եմ, ուստի իմ մօտեցումներս շատ հաւանական է իրականութեան հետ կապ չունին, սակայն երբ քանի մը ամիս առաջ նշանակուած անծանօթ մարզպետները, որոնք առաջադրուած էին որպէս պատգամաւորներ, մեծ թիւով քուէներ կը ստանան, դժուար է չմտածել, որ մարզի հարկատու համայնքներուն մէջ անոնց տրուած քուէները իրենց զբաղեցուցած պաշտօնին հետ կապ չունին։ Ո՞ր գիւղապետը պիտի համարձակէր իր մարզպետին համար բաւականաչափ ձայներ չապահովել... Կան բաներ, որոնք բացարձակապէս օրինական են, բայց բարոյապէս տհաճ...


Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր, 2018          

Երեւան կ’իջնենք որոշ գործարքներ իրականացնելու։ Քաղաքը արդէն զուգուած է եւ տօնական տեսք ունի։ Հանրապետութեան հրապարակի Կաղանդի ծառը դեռ կը կառուցուի, սակայն Հիւսիսային պողոտային վրայ արդէն բացուած է Ծննդեան տօնավաճառը եւ Կարապի լիճին վրայ արդէն սահորդները կը չմշկեն։ Քանի մը օրէն արդէն քաղաքապետարանի զետեղած տօնական լուսաւորումն ալ կ’աւելնայ այս տօնական մթնոլորտին։

Վերադարձի ճամբուն վրայ, երբ կը մօտենանք մեր գիւղին, ձիւնի փաթիլները կը դիմաւորեն մեզ։ Երբ գիւղ կը հասնինք, արդէն ան բարակ ձիւնի շերտով մը ծածկուած է։ Մեր գիւղը գեղեցիկ է բոլոր եղանակներուն։ Ձիւնով ծածկուած Ուշին բացառութիւն չէ։


Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր, 2018

Կը հանդիպիմ համրուկ բառին (sloth)։ Սփիւռքի մէջ, նման կենդանիներու հայկական անունները սորվելու առիթ չունինք, ուստի մեծ խանդավառութեամբ կ’աւելցնեմ այս բառերը հայկական բառապաշարիս։

Վալդերը կը պատմէ, որ երէկ գիշեր իրենց գոմը մտած է կուզ մը եւ սպաննած 11 հաւերը եւ 4 նապաստակները։ Ասոնք ներկայիս իրենց գոմի միակ բնակիչներն էին հիմա գոմը բոլորովին դատարկ է...

Կը փնտռեմ կուզ բառը բառարաններուս մէջ։ «Կզագիսների ցեղին պատկանող՝ թանկարժէք մորթով գիշակեր կենդանի»,- կ’ըսէ անոնցմէ մէկը, «Կզագիսների ցեղին պատկանող փոքր կենդանի, երկար ու նուրբ մարմնով, երկար պոչով, խարտեաշ գոյնով, ճերմակ վզով եւ կրծքով, որ բնակում է շէնքերի մօտ, որսում է հաւեր, մկներ, ուտում է ձու, խաղող եւայլն, յարգի մուշտակ ունի»,- կ’ըսէ մէկ ուրիշը։ Անգլերէն marten հոմանիշը եւ անոր ընկերակցող նկարները եւս չեն օգներ, որ ճանչնամ այս կենդանին։


Կիրակի, 16 Դեկտեմբեր, 2018

Էլեկտրոնային բոստով ստացած եմ թոռներուս տօնական նկարները։ Աշտարակ կ’իջնենք զանոնք տպել տալու համար։ Իրենց բացակայութեան այս նկարներով շրջապատուիլը մասամբ մխիթարական է։

Աշտարակն ալ զարդարուելու գործընթացին մէջ է։ Հրապարակին վրայ կը կազմեն տօնածառի կմախքը։ Կռունկները կ’ամրացնեն փողոցներու տօնական լուսաւորումը։ Քանի մը տարիէ ի վեր, գործող քաղաքապետի նախաձեռնութեամբ, մեր մարզկեդրոնը եւս տօնական տեսք կը ստանայ։


Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր, 2018

Կը շարունակուին քաղաքապետներ եւ գիւղապետներ փոխարինելու փափաք յայտնող քաղաքացիներու ցոյցերը զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ։ Դժգոհութեան այս ալիքը միայն մեր երկրին մէջ չէ։ Եւրոպայի զանազան երկիրներուն ինչպէս նաեւ ափրիկեան Թունիսի մէջ կան հակակառավարական ցոյցեր... Քանի մը տարի առաջ յեղափոխութիւնները գունաւոր էին, հիմա բաճկոնաւոր են։ Ֆրանսայի, Պէլճիքայի, Հունգարիայի, Սերպիայի եւ այլ եւրոպական երկիրներու մէջ, ցուցարարները դեղին անթեւ բաճկոններ կը հագուին, Թունիսի մէջ կարմիր բաճկոններ... Կը կարդամ, որ Եգիպտոսի մէջ արգիլած են դեղին բաճկոններու վաճառքը... Թուրքիոյ նախագահը կը զգուշացնէ ընդդիմութեանը բաճկոնաւոր ցոյցեր կազմակերպելէ հեռու մնալու մասին...

Յաճախ յայտնի չէ, թէ մարդիկ ինչու ցոյցի ելած են։ Աւելի ճիշտը նոյն ցոյցերուն տարբեր դժգոհութեամբ մարդիկ կը մասնակցին...Մէկ բան յստակ է։ Մարդիկ դժգոհ են եւ կը կարծեն որ իրենց հարցերու լուծումը իշխող ոյժերը պէտք է հայթայթեն... Բաճկոն արտադրող եւ վաճառող հաստատութիւնները վստահ եմ որեւէ դժգոհութիւն չունին...


Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր, 2018

The Economist հեղինակաւոր պարբերականը հայաստանը հռչակած է «Տարուան Երկիր»։ Այս կոչումին կ’արժանանան տարուան ընթացքին ամէնէն շատ յառաջդիմութիւն արձանագրած երկիրները։ Պարբերականը սակայն կը նախազգուշացնէ, որ սա չի նշանակեր, որ ապահովուած է ապագայ զարգացումը եւ յառաջդիմութիւնը։ Անցեալին այս կոչումին արժանացած երկիրներէն ոմանք հիմա քաոսային վիճակ ունին։ Յոյսով ենք, որ այս ճակատագիրը չի վիճակուիր մեր երկրին եւս։


Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր, 2018

Յանկարծ մոլորակը իմացաւ, որ գոյութիւն ունի Հայաստան անունով երկիր։ Այսօր ալ The Washington Post պարբերականին մէջ լոյս տեսած մէկ յօդուածը Հայաստանը կը դասէ 2018-ին դէպի ժողովրդավարութիւն վերադարձ կատարած երեք երկիրներէն մէկը, Եթովպիայի եւ Բերուի կողքին...

Կողմնակի միջոցներով մեզի կը տեղեկացնեն, որ մեր գիւղի դպրոցը կրկին պէտք ունի գնդակներու, վոլիպոլի ցանցի եւայլն... Մեզի համար անհասկնալի է, որ դպրոց մը իր պիւտճէի միջոցներով չի կրնար հայթայթել զանոնք, բայց ամէն ինչ հասկնալու մեր փափաքը շատոնց տեղի տուած է աւելի գործնական մօտեցումներու... Կը խնդրենք Վալդերէն, որ գնէ հարկ եղածը եւ յանձնէ մարզանքի ուսուցիչին...

Ծննդավայրս Սուրիան չի դադրիր պատերազմական իրավիճակներու թատերաբեմ մնալէ։ նախ կը յայտարարեն թուրքական զօրքերու կուտակման մասին Սուրիոյ սահմանին, ապա կը լսենք Ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէն դուրս գալու մասին...


Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր, 2018

Հանրապետութեան տարածքին, առաջինը Գիւմրիի մէջ վառեցին քաղաքի գլխաւոր տօնածառը։ Արեւմուտքի մէջ կը գանգատէինք, որ տօնական եղանակը շատ կանուխէն կը սկսի եւ տօնական երգերը երկու ամիս անդադար լսելէ կը զզուինք։ Հոս ճիշտ հակառակն է։  Հակառակ, որ քաղաքները եւ գիւղերը կը պճնուին տօներուն համար,եւ մեծ ծախսեր կ’ըլլան այդ առիթով, ըստ ինծի կարելի է տօնական մթնոլորտը աւելի կանուխ ստեղծել, ժողովուրդի տրամադրութիւնը բարձրացնելու նպատակաւ։ Երեւանի տօնածառը դեռ չվառեցին, ոչ ալ մեր գիւղինը։ 

Գիւղին մէջ մեր հարեւանները շարոց «թաթխել»ու արարողութենէն անցան լաւաշ թխելու։ Թոնիրները վառած են։ Կիները հերթով իրարու տուն կ’երթան պատրաստելու ամանորեայ սեղանի հացը... Լաւաշ թխելը առնուազն երեք կնոջ պէտք ունի։ Մէկը խմորի գունտերը կը կրէ թոնրատուն, մէկը կը գրտնակէ, մէկը կը թխէ։ Եփած լաւաշը թոնիրէն երկար կեռով հանող մըն ալ եթէ ըլլայ, գործողութիւնը աւելի կը դիւրանայ...

Այսօր ես ալ ամանորեայ ծէսերէս մէկը կ’իրականացնեմ։ Եօթը համեմունքով թխուածք կը պատրաստեմ։ Մեր մեծերը պատմած են, որ եօթը համեմունքները Յիսուսի եօթը չարչարանքները կը յատկանշեն... Այս թխուածքը տարեկան միայն երկու անգամ կը պատրաստեմ, Սուրբ Ծնունդի եւ Յարութեան տօներու առիթով։


Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր, 2018

Լուրեր կը շրջանառուին, որ նախարարութիւններու թիւը 17-էն 12-ի պիտի նուազեցնեն։ Արդէն Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն պաշտօնեաները ծանուցում ստացած են, իրենց նախարարութիւններու լուծարման մասին։Աւելի ճիշտը, Մշակոյթի նախարարութիւնը կը միանայ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան, լուծարուողը Սփիւռքի նախարարութիւնն է...

Այսօր այս երկու նախարարութիւններու աշխատակիցները գործադուլ կը յայտարարեն եւ փողոց կ’իջնեն ցոյցի։

Վալդերը կ’ըսէ, որ երէկ զարդարած են մեր գիւղի հրապարակը, տօներուն առիթով։ Գիւղի երիտասարդները մասնակցած են լոյսերու զետեղման։ Այսօր մութը հազիւ ինկած հրապարակ կ’երթանք տեսնելու արդիւնքը։

Հրապարակի երեք կրպակները, որոնք գարնան, ամրան եւ աշնան կը ծառայեն որպէս հաւաքավայր գիւղի աւագներուն, հեքիաթային տնակներու վերածուած են։ Քանի մը ծառի կոճղ լոյսերով փաթթուած են։ Յուշարձանին առջեւ գտնուող պուրակը նաեւ լուսաւորուած է։ Որոշած են այս տարի արհեստական տօնածառը չգործածել եւ անոր տեղ արդէն աճող եղեւնիները լուսաւորել։ Այս եղեւնիները տակաւին տօնածառի մեծութիւն չունին։ Յաջորդ տարիներուն աւելի տպաւորիչ պիտի դառնան։ Գոհ ենք, որ գիւղը տօներուն համար զարդարելու մշակոյթը, որ քանի մը տարի առաջ գոյութիւն չունէր, սկսաւ արմատանալ...

Երեկոյեան լուրերէն կ’իմանանք, որ այսօր լուսաւորեցին Երեւանի հանրապետութեան հրապարակի նոր տօնածառը։ Այս տարի քաղաքապետարանը որոշած եր նոր տօնածառով օժտել քաղաքը։ Ծախսուած դրամը խնդրայարոյց էր, սակայն տօնածառը գեղեցիկ է կ’ըսեն, լուրերու վրայ հարցադրուող քաղաքացիները։


Շաբաթ, 22 Դեկտեմբեր, 2018

Դժգոհութեան ալիքը որ համակած է ամբողջ Եւրոպան եւ որ օրէ օր կ’ընդարձակէ իր աշխարհագրութիւնը այս տարեվերջը բնորոշող գլխաւոր երեւոյթը կը թուի ըլլալ... Ֆրանսայի մէջ սկսած դեղին բաճկոնաւորներու ցոյցերուն միացան այլ երկիրներու կարմիր ապա կապոյտ բաճկոնաւորները։ Մեր մօտ, դեղին, նաեւ կարմիր եւ կապոյտ անթեւ բաճկոններ հագնողներ չկան, սակայն մեր հարցերը փողոցը լուծելու միտումը կը շարունակուի։ Ցուցարարները Էջմիածին-Երեւան ճամբան կը փակեն, բողոքելով Գեներալ Մանուէլ Գրիգորեանի փոխան դրամական գրաւի բանտէն ազատ արձակման դէմ, Ստեփանակերտի մէջ կան ցոյցեր մեր հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը ազատ արձակելու պահանջով, Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու աշխատակիցները կը բողոքեն իրենց նախարարութիւններու անհետացման դէմ... Որոշ գիւղերու մէջ կը բողոքեն իրենց գիւղապետներէն...

Այսօր հարեւաններս հերթով այցելութեան եկան։ Առաւօտուն Սոնիկը կաթ եւ լաւաշ բերաւ, ապա Սուսանը՝ խնձոր եւ շարոց։ Աւելի վերջ եկաւ Էմիլիան բերելով տնական արիշտա եւ իրենց ծառէն քաղուած լեմոններ...

Խօսակցութեան ընթացքին, Էմիլիան կ’ըսէ, որ Յունուարին կ’ակընկալեն, որ իրենց կովը ծննդաբերէ։ Կը հարցնեմ, որ ինչպէ՞ս գիտեն որ ծննդաբերութիւնը Յունուարին է... Կը պատասխանէ, որ հովիւը լուր կու տայ երբ կովը քաղ ուտէ... Այս բառակապակցութիւնը երբեք չեմ լսած մեր տասնըմէկամեայ կեցութեան ընթացքին այս գիւղին մէջ, ուստի հարց կու տամ, որ ինչ ըսել կ’ուզէ։ Կը բացատրէ, որ «Քաղ ուտել» կը նշանակէ զուգաւորուիլ... Կը դիմեմ բառարաններուս։ Ըստ երեւոյթին այս բառակապակցութիւնը կը գործածուի միայն կովերու պարագային։ Կը գտնեմ նաեւ «քաղի գալ» բառակապակցութիւնը, որ դարձեալ կովերուն կը վերաբերի եւ ըստ բառարանին կը նշանակէ «կտղանք»ի շրջանը։ Արաբները ասացուածք մը ունին, «ջուրը ջուրով բացատրեց» կ’ըսեն երբ բացատրութիւնը լոյս չի սփռեր հարցին վրայ։ Այս անգամ կ’երթամ կտղանք բառին ետեւէն եւ կը գտնեմ, որ ան կը նշանակէ «անասունների սեռական գրգիռ, քաղ, հեշտանքի զգացման գերագոյն աստիճանը սեռական յարաբերութեան ժամանակ, բուռն, կատաղի սեռական ցանկութիւն»։ Բառ մըն ալ սորվեցայ, որուն հանդիպելու հաւանականութիւնները մեր պահպանողական գրականութեան մէջ հաւանական չեն։

Այս առաւօտ, Հայաստանի ժամով 2։23-ին տեղի ունեցաւ ձմեռնային արեւադարձը (winter solstice)։ Այսօրուանէն սկսեալ 0րերը կրկին կը սկսին երկննալ։ Երէկ ցերեկը միայն 9 ժամ եւ 19 րոպէ եղած է։ Հաճոյքով կը դիմաւորենք աւելի երկար ցերեկներ ունենալու ակնկալիքը։


Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր, 2018

Այսօր տեղի կ’ունենայ ձմեռ պապիներու տարեկան վազքը, բարեգործական նպատակներով։ «Վազիր եւ օգնիր» կարգախօսով վազքարշաւի հասոյթը այս տարի պիտի յատկացուի «One Armenia» հասարակական կազմակերպութեան «՛Mine-free Artsakh» ծրագրին, որուն նպատակն է Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներու իրականացումը։

Այսօր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի 90-ամեակն է։ Նախագահ եւ Վարչապետ շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս կու գան։ Ինծի անյայտ պատճառներով, անցեալ տարի մէկ տարի կանուխ արդէն հանդիսաւորապէս նշեցին այս ինիսունամեակը...

Մարգարը առաւօտուն գիւղի սափրատունը գացած էր մազերը կտրել տալու։ Հոս օգտագործուող վարսավիրանոց բառը աւելի ճշգրիտ է այս օրերուն, որովհետեւ այլեւս սափրուելու համար շատ քիչերը կը յաճախեն հոն։ Խօսակցութեան նիւթը եղած է մօտակայ Կարբի գիւղի հրապարակի տօնական զարդարանքները։ Քանի մը տարի առաջ միայն, երբ սկսանք զարդարել մեր գիւղի հրապարակը, կարբեցիները նկարուելու կու գային հոն, իրենց երախաներուն հետ։ Հիմա մեր համագիւղացիները գովասանքով կը խօսին Կարբիի լուսաւորման մասին եւ կը խորհին, որ մեր հրապարակը նոյնքան շքեղ չէ...

Երեկոյեան կ’որոշենք այցելել Կարբի տեսնելու համար թէ ինչի՞ մասին է խօսքը։ Իրաւացիօրէն, քաղաքներու տարողութեամբ զարդարուած է ամբողջ հրապարակը։ Ճաշակաւոր եւ գեղեցիկ է։ Մեր բաղդատաբար աւելի փոքր գիւղի պայմանները երբեք պիտի չներեն, որ նոյն շքեղութեամբ տօնական զարդարանքներ ձեռք բերենք։ Ուրախ ենք, որ գիւղերը եւս կը մտածեն տօնական մթնոլորտ ստեղծելու մասին։


Երկուշաբթի, 24 Դեկտեմբեր, 2018

Կը հրապարակուի շուտով ստեղծուելիք կառավարութեան կազմի նախագիծը։ Ութը նախարարութիւններ կը մնան անփոփոխ։ Ութը այլ նախարարութիւններ կը միացուին եւ կը դառնան չորս։ Մէկ նախարարութիւն՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը, կը լուծարուի։ Կը վերանայ նաեւ առաջին վարչապետի պաշտօնը։ Չեմ հանդիպիր այս որոշումները հիմնաւորող բացատրութիւններու...

Երբ Աշտարակ կ’իջնենք, կը տեսնենք, որ հրապարակի տօնածառը դեռ պատրաստութեան մէջ է։ Երբ լուսաւորեն զայն եւ քաղաքի այլ տօնական լոյսերը, անպայման այցելութեան կու գանք։

Այսօր հիմնուեցաւ նոր կուսակցութիւն մը եւս։ «Ազգային Օրակարգ» կուսակցութիւնը ունի մէկ գլխաւոր նպատակ,- Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը։


Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր, 2018

Արեւմուտքի մէջ Սուրբ Ծնունդն է, հետեւաբար օրը Գանատայի մէջ աշխատանքային չէ։  Առիթը կ’ունենանք մեր զաւակներուն, հարսերուն եւ թոռներուն հետ հաղորդակցելու։ Սովորաբար միայն շաբաթավերջերուն կարելի է կապուիլ իրենց հետ, ժամերու տարբերութեան պատճառաւ։

Դրական լուր մը կը գրաւէ ուշադրութիւնս։ Ըստ «Ժամանակ» օրաթերթին, հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծառայող մեր զինուորները արդէն կը զգան թաւշեայ յեղափոխութեան ազդեցութիւնը։ Անոնք աւելի որակաւոր սպիտակեղէն եւ աւելի լաւ սննդակարգ ունին...

Կը տեղեկացուի, որ խումբ մը հայաստանաբնակ սփիւռքահայեր լուծարուելու հաւանականութիւն ունեցող սփիւռքի նախարարութեան առջեւ ցոյցի ելած են։ Անոնք դժգոհ են այս նախարարութեան վերացումէն։ 

Զարմանալի է, ցուցարարներու բնութագրումը։ Հայաստանաբնակ սփիւռքահայեր բառակապակցութիւնը տհաճ է ինծի համար։ Կարելի էր անոնց մասին խօսիլ որպէս նախկին սփիւռքահայեր եւ կամ հայրենադարձներ... Վստահ եմ անոնք արդէն Հայաստանի քաղաքացիներ են։

Կան նաեւ երկու հակադիր ցոյցեր ռուսական դեսպանատան առջեւ։ Վերջերս Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակէտի զինուորներէն մէկը դաժան ծեծով սպաննած էր հայ կին մը։ Առաջին խումբը կը պահանջէ, որ այդ կնոջ սպանութեամբ մեղադրուած զինուորը յանձնուի հայկական կողմին։ Երկրորդ խումբը որ ժամ մը վերջ կը հասնի, բաղկացած է համայնավարներէ (կոմունիստներ)։ Անոնք կը կարծեն, որ կարելի չէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները խաթարել եւ հակառուսական մթնոլորտ ստեղծել սոսկ հայ անմեղ կնոջ մը սպանութեան պատճառաւ...


Չորեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր, 2018

Աննշան օր մը։ Ոչ անձրեւ կայ, ոչ արեւ։ Տնական աշխատանքներով զբաղելու յարմար օր մը պարզապէս...

«Նորաթուխ» բառին յաճախ կը հանդիպիմ։ Վստահ չեմ, որ ան բացասական իմաստ ունի թէ դրական։ Ըստ բառարանին բացի նոր թխուած իմաստէն ան ունի նաեւ նորելուկ, ցածորակ նոր ստեղծագործութիւն, անյաջող նորաբանութիւն իմաստները։ Նոր մայրացած կիներուն կ’ակնարկեն, որպէս նորաթուխ մայրիկներ (չեմ կարծեր, որ հոս բացասական երանգ կայ),  նոր ընտրուած պատգամաւորը նորաթուխ կ’անուանուի (Հոս վստահ չեմ, որ ակնարկութիւնը բացասական է թէ դրական)։ Նոր թխուած հացը դրական երեւոյթ է։ Բացասական երանգները ինչպէ՞ս վերագրուած են այդ բառին...


Հինգշաբթի, 27 Դեկտեմբեր, 2018

Այսօր առաւօտեան 8։25-ին մեզ շրջապատող բնութիւնը աննկարագրելի գոյներ ստացաւ։ Երկինքը վարդագոյն է, եւ այգիները սարեանական գոյներ ստացած են։ Նոյնիսկ Արարատի ձիւները վարդագոյն են։ Այս վարդագոյնը, կրակի գոյնի երանգներ ունի։Հակառակ որ ցուրտ ձմեռ է եւ ծառերու ճիւղերը բոլորովին մերկ են, անոնք եւս, ինչպէս գետին ինկած չոր տերեւները կարմրագոյն են։ Անպատմելի հրաշքի մը ականատես ըլլալու բերկրանքը եւ այս գոյներու արդած ջերմութիւնը կը վայելենք պատուհանէն ներս... Այս գունաւորումը քանի մը րոպէ կը տեւէ միայն, սակայն բաւական է դրական լիցքեր հաղորդելու եւ ուրախացնելու մեզի։

Այսօր կէսօրին, մեր գիւղի Մշակոյթի տան մէջ կազմակերպուած է տօնական միջոցառում, այս տան մէջ գործող «Աղթամար» պարախումբի մասնակցութեամբ։ Շուրջ 30 աղջիկները եւ մէկ տղան շատ լաւ հանդէս կու գան։ Ամէն տարի հանդիսատեսներու թիւը քիչ մը կ’աւելնայ... Կը նկատեմ, որ տատիկներ, իրենց թոռները եւ ծոռները բերած են...  Բեմի մէկ կողմը կաղանդի ծառն է, որու մօտ նստած են Կաղանդ պապան (Ձմեռ պապին) եւ ձիւնանուշը իսկ միւս կողմը, մսուրը, որ քանի մը տարի առաջ ձեռք բերինք։ Բայց նոյնիսկ մսուրի գոյութիւնը չի յուշեր մեր պարախումբի պարուսոյց Կարինէին, որը անկախ Հայաստանի ծնունդ է, որ անդրադառնայ Սուրբ Ծննդեան տօնին։ Ամէն ինչ, արտասանութիւն, խօսք եւ երգ ամանորի մասին են...  Միայն Մարգարը իր կարճ խօսքին մէջ կը նշէ Սուրբ Ծնունդ բառը...

Քանի մը տարի առաջ, սաստիկ քամին տապալեց մեր գիւղի հրապարակի ծառը, ամսուն երկուքին։ Վալդերը, անտեսելով որ տակաւին Սուրբ Ծնունդը չէ հասած, փոխանակ կրկին կանգնեցնելու զայն, հաւաքեց եւ ամբարեց զայն... Այնքան բուռն գանգատեցայ, որ նման բան անգամ մըն ալ չպատահեցաւ...

Երեւի երկար պիտի սպասենք, որ Սուրբ Ծնունդը արմատաւորուի մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ։


Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր, 2018

Կը ձիւնէ։ Սակայն, Գանատայի մէջ երկար տարիներ բնակած մարդու համար զայն ձիւն կարելի չէ անուանել։ Թեթեւ սպիտակ սաւան մը կը ծածկէ այգիները, բայց փողոցներուն վրայ չի դիմանար։

Այսօր ՀՀ նախագահը մանկատուներու եւ յատուկ դպրոցներու աշակերտները հիւրասիրեց նախագահական նստավայրին մէջ։ Երէկ ալ վարչապետի տիկինը՝ Աննա Յակոբեանը, սահմանամերձ գիւղերու եւ սուրիահայերու մանուկները հիւրասիրեց։ Վարչապետը Ռուսաստան կը գտնուէր, հանդիպելու այդ երկրի նախագահին։ Այդ հանդիպման արդիւնքները յստակ չդարձան...

Երեկոյեան Երեւան կ’իջնենք մթերային գնումներու։ Շուկայի կայանատեղին լեցուած է։ Հազիւ տեղ կը գտնենք կայանելու մեր ինքնաշարժը։ Տեսնելով մթերքներով բեռնուած մթերքի սայլակները եւ նուէրներու տոպրակներով այցելուները, դժուար է երեւակայել, որ աղքատութեան բարձր մակարդակով երկրի մէջ կ’ապրինք...


Շաբաթ, 29 Դեկտեմբեր, 2018

Այսօր արեւոտ է բայց ցուրտ։ Մշակոյթի տան մէջ վաղը թաղման հոգեճաշ կայ։ Լաւ է, որ ամանորեայ մեր միջոցառումը արդէն տեղի ունեցաւ, թէ ոչ անպայման մահը կը յաղթէր կեանքին։

Կը շարունակեմ, հարեւաններս ամսուան 31-ին ճաշի հրաւիրել, անտեսելով, տեղական սովորութիւնը։ Ճիշդ է, որ միասին չենք դիմաւորեր նոր տարին, որովհետեւ կէս գիշեր չեղած կը շտապեն տուն իրենց սեղանները դնելու, բայց գոնէ, միասնաբար կը նշենք տարուան փոփոխութիւնը։ Մեր սեղանը օրերով բաց չի մնար, մեր հարեւաններու սեղաններուն նման։ Ոչ ալ մեր համագիւղացիներու պատրաստած ճաշերուն նման այցելուները մէկական պատառով ստիպուած են գոհանալու։ Անոնք տունէ տուն երթալով նոյնանման սեղաններու առջեւ պիտի նստին քանի մը օր...

Այսօր արդէն կը կը մտնեմ խոհանոց, յաջորդ քանի մը օրերը հոն անցընելու հեռանկարով...

Զարմանքով կ’իմանամ, որ հաւկիթի (ձուի) պակասուրդ կայ։ Այսօր մեր գնած հաւկիթները, որոնք ոչ մեր նախընտրած մակնիշի են, ոչ ալ մեր նախընտրած չափը ունին, սովորականին ճիշդ կրկին գինով ձեռք կը ձգենք...


Կիրակի, 30 Դեկտեմբեր, 2018

Արեւմուտքի մէջ այս եղանակին կրկին եւ կրկին կը հեռարձակուին Սուրբ Ծննդեան տօներուն վերաբերող հին թէ նոր շարժանկարներ։ Անոնք ընդհանրապէս սիրոյ եւ հանդուրժողութեան յաղթանակը կը պանծացնեն։ Հաւանաբար գեղարուեստական մեծ ձեռքբերումներ չեն, սակայն զանոնք դիտելը կը ջերմացնէ հոգին եւ լաւատեսութեամբ կը լեցնէ մարդը։ Երկու օրերէ ի վեր հանրային հեռատեսիլի ալիքէն կը հեռարձակուին նման ամերիկեան ֆիլմեր, հայերէն խօսուն։ Ուրախանալով հանդերձ, որ հոս ալ սկսած են այս սովորոյթը, զարմանքով կը նկատեմ, որ  Christmas բառը փոխարինած են, ամանոր բառով... ուստի կը խօսուի ամանորի ոգիին եւ ամանորի խորհուրդին մասին... Անկարելի է, որ թարգմանիչը իմացած չըլլայ Christmas բառին իմաստը։ Ան հաւանաբար մտածած է, որ Սուրբ Ծննդեան մասին խօսիլը ոչ մէկ ձեւով արձագանգ պիտի գտնէ, լսարանի հոգիներուն մէջ, մինչդեռ ամանորը եղանակի գլխաւոր տօնն է...

Բայց արդեօ՞ք ամանորի ոգին գոյութիւն ունի եւ կապ ունի սիրոյ, հաւատքի եւ հանդուրժողութեան հետ։ Ես միշտ ալ զայն նկատած եմ որպէս անցեալ տարին արժեւորելու եւ նոր տարին ծրագրելու հանգրուան։

Անդադար կը յոխորտանք, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք...


Երկուշաբթի, 31 Դեկտեմբեր, 2018

Իմ խոհանոցս բազմազգ է, սակայն տօներուն կը ջանամ ընտանեկան հայկական աւանդոյթներ կիրառել։ Այսօր հնդկահաւի խորոջը մօրս բաղադրատոմսով կը լցօնեմ, կը կարեմ եւ առաւօտէն կը դնեմ ջեռոցին մէջ...

Գագիկ Սուրէնեանը՝ օդերեւութաբանական կեդրոնի ղեկավարը կը յայտարարէ,- «ամանորեայ հրաշքն ապահովուած է, երեկոյեան սպասւում է շքեղ ձիւն»։ Մեր մօտ առաւօտէն կը ձիւնէ առանց դադարի...

Թէեւ տարիքի բերմամբ ամէն անգամ սեղան դնելը քիչ մը աւելի կը դժուարանայ, սակայն երեկոյեան ժամը եօթին մեր սեղանը պատրաստ է։ Ճաշերը առանց խոհանոցային միջադէպերու ակնկալուած արդիւնքները ունին։ Հնդկահաւը, որ այս տարի հայկական է, ոսկեգոյն է եւ գեղեցիկ։ Մեր հարեւանները կը հասնին ճիշդ ժամուն եւ կը սկսին կեր ու խումը, մաղթանքները, կենացները... Ժամը տասին արդէն ամէն ինչ վերջացած է... Արդէն գիտենք, որ նոր տարին առանձին պիտի դիմաւորենք։ Մեր հարեւանները կը շտապեն իրենց սեղանները բանալու եւ կէս գիշերին բոլորուելու անոր շուրջ...

Հարեւաններս կը հաւաքեն սեղանը, կը լուան սպասները եւ կը հեռանան։

Եթէ ճիշտ է, որ տարին ինչպէս որ սկսիս, այնպէս ալ կը շարունակուի, 2019-ը քնանալով պիտի անցընենք... Երբ կը սկսի գիւղի կէս գիշերային հրավառութիւնը արդէն անկողինն ենք։ Առաւօտեան փոքր ժամերուն քանի մը շնորհաւորական հեռաձայն ալ կը ստանաք։ Ոչ մէկուն մտքէն չ’անցնիր որ քնացած կրնանք ըլլալ...

 

Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի