100 000 թոն նաւթ մարդասիրական բեռ փոխադրող ռուսական «Անատոլի Քոլոթքին» լցանաւը հասած է Քուպա։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը, այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխադրութեան նախարարութիւնը։
«Նաւը ներկայիս կը սպասէ բեռնաթափման՝ Մաթանսաս նաւահանգիստին մէջ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Քուպան Միացեալ Նահանգներու կողմէ նաւթային շրջափակման պատճառով յայտնուած է ուժանիւթային ճգնաժամի առջեւ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ չառարկեր Քուպային նաւթի մարդասիրական մատակարարման, այդ շարքին՝ Ռուսիայէն։