Գերմանիան, ահաբեկչական սպառնալիքի պատճառով, փակած է Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանատունն ու հիւպատոսական ներկայացուցչութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական Bild պարբերականը։
Պարբերականին տուեալներով` մինչեւ 16 սեպտեմբեր Թուրքիոյ մէջ փակ պիտի ըլլան ոչ միայն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, այլեւ գերմանական դպրոցները: Այսպիսով, գերմանական կողմը պիտի փորձէ պահպանել իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը՝ հնարաւոր սպառնալիքի պարագային: Բացի այդ, Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը Twitter-ի իր էջին արձանագրած է, թէ գերմանական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները մինչեւ 16 սեպտեմբեր սահմանափակ ծառայութիւններ պիտի մատուցեն, իսկ ընդունելութիւններ առհասարակ պիտի չըլլան: