Գերմանիա պատասխանած է Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելութեան արտօնութեան դիմաց թրքական պահանջին, որ կ'ուզեր պարտադրել Ցեղասպանութեան բանաձեւի մերժումը՝ Գերմանիոյ կողմէ։ Այս մասին հաղորդելով, թրքական «Տիքեն» լրատուակայքը կը նշէ, թէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր 30 Օգոստոսին մերժեց Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին վերոյիշեալ պահանջը՝ ըսելով. «Ես այս խնդիրներուն միջեւ որեւէ կապ չեմ տեսներ, եւ այդ մասին յստակացում կատարած եմ իմ թուրք պաշտօնակիցին»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Օգոստոս 29ին յայտարարած էր, թէ գերմանացի պաշտօնեաներուն պիտի արտօնուի այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանը գտնուող գերմանական զինուորական ուժերու ներկայացուցիչներուն, եթէ Պերլին հրապարակայնօրէն յայտարարէ, թէ չ՛աջակցիր Յունիս 2ին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: