Եւրոպական կառոյցներու կողմէ քաղաքական վերջին զարգացումներու մասին Թուրքիոյ մասին պախարակումներն ու յայտարարութիւնները իրնց արձագանգը կը գտնեն մամուլի մէջ ու կը կեդրոնանան այն վարկածի վրայ, որ այս գնացքով անկարելի է շարունակել Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները:
Այսպէս, գերմանական «Շփիկէլ» թերթը ուշագրաւ լրատուութիւն մը հրապարակեց Թուրքիոյ անդամակցութեան վերաբերեալ: «Թաքուն հրաժեշտ» խորագրեալ յօդուածին մէջ գերմանական ամսագիրը յառաջ կը քաշէ այն վարկածը, թէ Եւրոմիութիւնը կը պատրաստուի դադրեցնել Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները:
Ըստ աղբիւրին, Եւրոմիութիւնը չի համարձակիր պաշտօնապէս խզել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, սակայն Եւրոպայի համարկումի գործընթացը դադրեցնելու ուղղութեամբ արդէն իսկ յստակ քայլեր մշակուած են: Մասնաւորաբար, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապատրաստութիւններու համար մինչեւ 2020 թուականը տրամադրելիք 4.5 միլիառ եւրօ գումարը կը գործածուի այլ նպատակներու համար:
Յայտնի դարձած է որ այդ գումարները Եւրոմիութիւնը պիտի գործածէ Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացի փախստականերուն աջակցելու համար: Միաժամանակ պիտի դադրին կարգ մը նախագիծեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած էին Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ: Ատոնցմէ մէկն է վճռաբեկ ատեանները զարգացնելու նախագիծը: Այդ նպատակով եւրոմիութեան կողմէ տրամադրուած 22 միլիոն եւրօն ետ պահանջուած է Թուրքիայէն՝ այդ գումարները նպատակին չծառայելու պատճառաբանութեամբ: