image

Ֆրանսա պիտի արգիլէ «Գորշ գայլեր»ու գործունէութիւնը

Ֆրանսա  պիտի արգիլէ «Գորշ  գայլեր»ու  գործունէութիւնը

Ֆրանսան կ'արգիլէ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» խմբաւորումը:

Ինչպէս ըսուած է AFP-ի «Twitter»-ի միքրոպլոկին մէջ, այս մասին նշած է երկրի Ներքին գործոց նախարար՝ ժերալտ Տարմանինի:

Յիշեցնենք որ 1 նոյեմբերին  Լիոնի մէջ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» խմբաւորումը պղծած էր Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը: Յուշահամալիրի պատերուն գրած էին Էրտողանի անուան սկզբնատառերը (RTE- Recep Tayyip Erdoğan) ինչպէս նաեւ իրենց կազմակերպութեան անուանումը՝ Grey Wolf: Նոյնատիպ գրառում յայտնուած է նաեւ Լիոնի ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին վրայ: