image

Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ. Ֆրանսայի դեսպանը՝ Պաքուին

Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ. Ֆրանսայի դեսպանը՝  Պաքուին

Ես լիովին կը հասկնամ եւ կը կիսեմ հայ հասարակութեան զգացումները՝ կապուած Պաքուի մէջ այսպէս կոչուած «այգի»ի բացման հետ: Այս մասին լրագրողներուն տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը:

Ֆրանսացի դիւանագէտը նշած է, որ վերջերս այցելած է Եռաբլուրի ռազմական գերեզմանատուն: «Մենք կը տեսնենք, թէ որքան զոհեր կան, որքան կորուստներ: Մենք կը տեսնենք ընտանիքներու տառապանքները: Բայց այդ նաեւ տեղ է, ուր կը դրսեւորուի արժանապատուութիւնը:

Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ: Այժմ առաջնահերթութիւնը հակամարտութեան լուծումը գտնելն է: Առաջնայինը գերիներու վերադարձն է` 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն, տեղահանուածներու վերադարձը, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն գտնելու համար կառուցողական երկխօսութեան վերսկսումը»,- ընդգծած է դեսպանը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճանի իշխանութիւններու թշնամական հռետորաբանութիւնը կը նպաստէ յարաբերութիւններու հաստատման, դեսպանը նշած է. «Հայաստանն արժանապատիւ է իր պարտութեան մէջ: Պէտք է արժանապատիւ ըլլայ նաեւ յաղթանակի պարագային»:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ նախօրէին Պաքի մէջ յայտնուած է գրաւուած հայկական սարքերու այգի՝ պատերազմի իրադարձութիւններու բեմադրման տեսքով: