Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով պէտք չէ կանգ առնենք նեղութեան սահմանին քով, այլ օրը վերածենք վերապրումի խորհրդանիշի: Այսօր հաւաքուած ենք արիւն նուիրելու, յոյս ներշնչելու եւ փաստելու որ մեր նամակը յառաջդիմութիւնն ու նուիրումն են։ Այս ներգործութիւնը առողջապահական նախաձեռնութիւն մը չէ միայն, այլեւ երախտագիտութիւն՝ մեր Սուրիական հայրենիքին, որ միշտ եղած է ու պիտի մնայ գրկաբաց տունը իր զաւակներուն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպութեամբ, «Մեր արիւնը՝ յանուն հայրենիքի» խորագիրով արեան տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլի միջօրէին, գործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին։
Արարողութեան ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետերը, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, ՀԲԸՄ-ի, ՍՕԽ-ի, հալէպահայ մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երիտասարդներ։
Ներկաները դիմաւորուեցան ՀԵԸ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ եւ միութեան սկաուտներուն խրոխտ շարքերով։
Սրահէն ներս արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիւսի էքիզեան Գազէզեան, որ ըսաւ․ «Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով պէտք չէ կանգ առնենք նեղութեան սահմանին քով, այլ օրը վերածենք վերապրումի խորհրդանիշի: Այսօր հաւաքուած ենք արիւն նուիրելու, յոյս ներշնչելու եւ փաստելու որ մեր նամակը յառաջդիմութիւնն ու նուիրումն են։ Այս ներգործութիւնը առողջապահական նախաձեռնութիւն մը չէ միայն, այլեւ երախտագիտութիւն՝ մեր Սուրիական հայրենիքին, որ միշտ եղած է ու պիտի մնայ գրկաբաց տունը իր զաւակներուն»։
Հայերէն բացման խօսքով Սեւանայ Հալլաճեան ըսաւ.«24 Ապրիլ 1915-ի սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելով, այսօր մենք կեանք կը բաշխենք, մեր արեամբ նեցուկ կը կանգնինք Սուրիոյ, որպէսզի անոր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերը շարունակեն առողջ բաբախել։ Հայ ժողովուրդը ոչ թէ միայն կը յիշէ եւ կը պահանջէ՝այլեւ կ՚աշխատի, կը կերտէ, կը նուիրէ ու հաւատարմօրէն կառչած կը մնայ իր լեզուին, մշակոյթին, արժէքներուն եւ մանաւանդ իրեն գրկաբաց ընդունած հողին ու ժողովուրդին։ Այս նախաձեռնութիւնը կ՚արտացոլէ երախտագիտութեան, պատկանելիութեան, նուիրումի ու սիրոյ մեր անկեղծ զգացումները՝ Սուրիական Հայրենիքին եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ»։
Այնուհետեւ աւելի քան 150 եդիտասարդնեդ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին՝ իբրեւ նոր կեանքի խորհրդանիշ։
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ սուրիական եւ հայաստանեան լրատուամիջոցներ։