image

Քոչարեան կողմ չէ դրօշակ վառելուն, բայց...

Քոչարեան կողմ չէ դրօշակ  վառելուն, բայց...

Ես որեւէ երկրի դրօշ վառելու կողմնակից չեմ, բայց սա ընդունուած բողոքելու տարբերակ է, եթէ կայ երկիր, որու քաղաքականութիւնը այլ երկրին ցաւ կը պատճառէ, ապա սա բողոքի արտայայտման ձեւ է, այս մասին Ծիծեռնակաբերդի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ անդրադառնալով նախօրէին Ջահերով երթի ժամանակ Թուրքիոյ դրօշը այրելու գործողութեան։

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը սադրիչ համարած էր այս գործողութիւնը։ Իսկ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն կոչ ըրած էր պատասխանատւութեան ենթարկելու կազմակերպիչները։