Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք անթիւ հայերու յիշատակին, որոնք աքսորուեցան եւ դաժանօրէն սպաննուեցան Մեծ Եղեռնի տարիներուն։ Մենք մեր անսասան համերաշխութիւնը կը յայտնենք իւրաքանչիւր ամերիկահայի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ յիշատակի այս օրը, ոգեկոչելով աւելի քան 100 տարի առաջ տեղի ունեցած կործանարար իրադարձութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն ապրիլ այդ համայնքներու հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Այս մասին գրած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Մարդկութեան պատմութեան այս սթափեցնող գլուխը յաւերժ պիտի մնայ որպէս հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգիի եւ քրիստոնէութեան հիմքը կազմող յոյսի վկայութիւն։ Մենք կը մեծարենք հայերու դրսեւորած խոր ուժն ու վճռականութիւնը՝ յաղթահարելու անցեալի ահռելի ողբերգութիւնները եւ կերտելու աւելի մեծ ապագայ, որ կը բնորոշուի տեւական բարօրութեամբ, անվտանգութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ Մենք յանձնառու ենք ըլլալ անոնց կողքին։
Իմ վարչակազմը կ՚ամրապնդէ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը՝ հայ ժողովուրդի համար նշանակալի հնարաւորութիւններ ստեղծելով եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութիւն խթանելով։ Եւ այժմ ամերիկացիներն ու հայերը կողք-կողքի կանգնա են պատմական Խաղաղութեան խորհուրդին մէջ՝ միաւորուած մեր նպատակի շուրջ՝ ուժի միջոցով խաղաղութեան նոր դարաշրջան մը սկսելու։
Հայոց յիշատակի այս օրը, երբ մենք կը սգանք Մեծ Եղեռնի ողբերգութեան ժամանակ զոհուած անմեղ հոգիներուն համար, մենք կը վերահաստատենք մեր սուրբ կոչը՝ պաշտպանելու անմեղները, առաջ մղելու բոլոր ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան գործը եւ մշակելու խոր երկիւղածութիւն Ամենակարող Աստուծոյ հանդէպ, որ մեզի զօրավիգ կը հանդիսանայ իւրաքանչիւր փորձութեան եւ յաղթանակի ժամանակ եւ մեզ կը պահէ իւրաքանչիւր փորձութեան եւ յաղթանակի ընթացքին»,-գրած է ան։