Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռուստատեսային ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին, քանի որ «Քորոնա» ժահրի վարակի երրորդ ալիքը, որ արագօրէն կը տարածուի ամբողջ երկրին մէջ, կը սպառնայ ծանրաբեռնել տեղի հիւանդանոցները: Այս մասին տեղեկացուցած է EADaily լրատուականը` յղում տալով Էլիզեան պալատին:
Միեւնոյն ժամանակ, Հինգերորդ հանրապետութեան ղեկավարի վարչակազմը չէ յստակեցուցած`արդեօք Էմանուէլ Մաքրոնը պիտի յայտարարէ համավարակի դէմ պայքարի հետագայ սահմանափակումներու մասին` Ֆրանսայի մէջ Covid-19-էն մահացութիւններու ընդհանուր թիւի 100,000 շեմին մօտեցման առընթեր:
Անցեալ երեքշաբթի օր վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ Covid-19-ով ախտորոշուած հիւանդներու թիւն աճած է 98-ով՝ գերազանցելով 5000-ի շեմը, որ այս տարուայ ամենաբարձր ցուցանիշն է: Հանրային առողջապահութեան մասնագէտները նշած են, որ ֆրանսական հիւանդանոցներուն մէջ վերակենդանացման բաժանմունքներու ծանրաբեռնուածութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ ներկայիս սահմանափակումները բաւարար չեն:
Արեւմտեան Եւրոպայի ամենամեծ երկրին մէջ դեկտեմբերի կէսէն կը գործէ գիշերային պարէտային ժամ, իսկ որոշ շրջաններու մէջ, ներառեալ Փարիզը, քաղաքացիներու տեղաշարժը զգալիօրէն սահմանափակուած է: Պարերը, ճաշարաններն ու թատրոնները քանի ամիս է փակ են: Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն աւելի վաղ BFM հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ դպրոցները նոյնպէս հարկաւոր է փակել: