image

Փիլոսին նոյնպէս յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Փիլոսին նոյնպէս յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին նախագահ Նենսի Փելոսին ուղերձ յղած է Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով։

«Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը մենք կը յիշենք 1.5 միլիոն հայերը, որոնք 111 տարի առաջ սպաննուեցան սարսափելի ցեղասպանութեան ընթացքին։

Ես հպարտ էի ըլլալ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ, երբ Քոնկրեսը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այս ողբերգութեան պատմութիւնը հաստատելով՝ մենք կ՚աշխատինք ապահովել, որ նման սարսափ այլեւս երբեք չկրկնուի»,– նշած է ան՝ X-ի վրայ։