Օրերս, Մարալ Այվազ փայլուն ելոյթ մը ունեցած է Պաքըրգիւղի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հայ երաժշտութեան սիրահար մշակութասէրներու խուռներամ բազմութիւն մը երէկ, 10 Ապրիլի գիշերը համախմբուեցաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Ծն. Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ Մշակութային յանձնախումբն ու Տատեան վարժարանի տնօրէնութիւնը նախաձեռնարկ հանդիսացած էին գովելի ծրագրի մը, առիթ ստեղծելով որ սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ եւ իրեն ընկերացող նուագախումբը «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճին մէջ համերգով մը ներկայանան մշակութասէրներուն։
Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ պատուեց Կաթողիկէ համայնքի կառավարիչ Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, իր կողքին ունենալով Շահէն, Թէոդիկ եւ Ներսէս Քահանայ Հայրերը։ Ներկաներու միջեւ կը գտնուէին նաեւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետուհի Օր. Մարի Եանճըն եւ գործակիցներ, տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն ու ուսուցիչներ, մշակութային յանձնախումբի անդամներ։
Ձեռնարկէն առաջ պաստառի վրայ սփռուեցան Մարալի երգերու տեսահոլովակներէն հատուածներ, նախաճաշակ մը հաղորդելով ելոյթի մասին։
Բացման խօսքը արտասանեց տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, ներկայացնելով երգչուհիի կենսագրական գիծերը, ապա բեմը թողլով երգչուհիին ու նուագախումբին։
Երեկոն անցաւ բարձր տրամադրութեան եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Երաժշտասէրները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի կատարումներուն։ Երգչուհին ներկայացուց բազմազան երգացանկ՝ ընդգրկելով թէ՛ խանդավառ երգեր, թէ՛ յուզիչ ու մելամաղձոտ կատարումներ, որոնք հանդիսատեսին մատուցուեցան հոգեգրաւ թրթիռներով։
Յայտագրին մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւեցին երգեր, որոնցմէ մէկ քանին արդէն ծանօթ էին հանդիսատեսին, քանի որ անոնց տեսահոլովակները սփռուած էին Մարալի 2024 թուականի երկրորդ մենահամերգէն ետք։ Այդ երգերէն էին «Խռոված է», «Անվերջ խաւար» եւ «Հաբրբան», որոնք բեմին վրայ ներկայացուեցան մեծ զգացականութեամբ եւ արժանացան երկար ծափերու։
Սիրելի Մարալ ամբողջ համերգի ընթացքին բեմին վրայ մնաց իր բնական հմայքով եւ գեղեցիկ ձայնով, որ անմիջապէս կը կապէ զինք հանդիսատեսին հետ՝ ստեղծելով մտերմիկ եւ կենդանի մթնոլորտ։
Հաճելի այս երեկոյին մէջ իրենց մեծ աւանդը ունէին նուագախումբի անդամները, գործիքաւորող Արի Հերկել (կիթառ), Սեւան Ինեափան (քանոն), Էօզճան Կիւլ (տուտուկ), Սեւան Կարապետօղլու (տհոլ եւ հարուածային գործիքներ) եւ Սերենա Քօչաք-Աւշարօղլու (վոքալ), որոնք ներդաշնակ երաժշտութեամբ էականօրէն հարստացուցին երեկոն։ Անոնք ոչ միայն ուղեկցեցին երգչուհիին, այլեւ իրենց նուրբ մեկնաբանութիւններով ամբողջացուցին երաժշտական ընդհանուր պատկերը։
Յատկանշական էր, որ համերգը ո՛չ միայն երաժշտական ելոյթ մըն էր, այլ նաեւ զգացական հաղորդակցութիւն մը բեմին եւ հանդիսատեսին միջեւ։
Համերգի աւարտին Տնօրէնուհին ծաղկեփունջ մը յանձնելով Մարալ Այվազին, շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ գիշերուայ համար։ Ապա Մարալ իր սրտի խօսքը արտասանեց։ Ան ցաւ ի սիրտ յայտնեց, որ այսօր համայնքին մէջ հազիւ 4-5 հոգի կը ծառայեն հայ երգին եւ մշակոյթին, սակայն երբ համերգներ կազմակերպելու համար նիւթական հովանաւորութիւն կը խնդրուի, դռները յաճախ փակ կը մնան իրենց առջեւ։ «Դրամ չկայ, եթէ քեզի տանք՝ միւսներուն ալ պէտք է տանք», կամ «աւելի կարեւոր ծրագիրներ կան. այս պատասխանները բազմիցս լսած եմ», նշեց ան, աւելցնելով, որ ինք եւ իրեն ընկերացող նուագախումբի անդամները միակ յանցանք մը ունին՝ ծառայել հայ մշակոյթին եւ հայ երգին։
Երգչուհին իր խօսքը վերջացուց խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Պաքըրգիւղի Թաղային Խորհուրդին, Մշակութային յանձնախումբին եւ Տատեան վարժարանի ընտանիքին՝ այս համերգը կեանքի կոչելու եւ իրականութիւն դարձնելու համար։

