image

Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ «միութեան եւ հաղորդութեան» խորհրդանիշ Կիւմրիին

Ֆրանչիսկոս Պապին     կողմէ   «միութեան եւ հաղորդութեան»  խորհրդանիշ Կիւմրիին

 Հռոմի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ հայ կաթողիկէ տաճարին նուիրած է խորհրդանշական քար մը՝ առնուած Հռոմի Սբ. Պետրոսի Մայր Տաճարի պատէն, որպէս  միութեան եւ հաղորդութեան նշան: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանը,  նշելով նաեւ, որ այդ քարը Սրբազան Պապին  անունով  Կիւմրի ուղարկուած է Վատիկանի Սբ. Պետրոսի Պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ Կարտինալ Անճելո Քոմաստրին՝ յատուկ նամակի հետ միասին:8 դեկտեմբեր 2015-ի թուագիր նամակին մէջ Կարտինալ Քոմաստրին գրած է, որ Պապի նուիրած քարը Նորին Սրբութիւն Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի ձեռքով զետեղուած էր Սբ. Պետրոսի տաճարի Սբ. Դռան մէջ 2000-ին: Առաջնորդարանը նաեւ նշած է, որ խորհրդանշական այս քարը պիտի զետեղուի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատին: