image
Հրատապ լուրեր:

«Եզիտիներու դէմ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի». «Արեւելք»ին ըսաւ Նատիա Մուրատ

«Եզիտիներու դէմ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի». «Արեւելք»ին ըսաւ Նատիա Մուրատ

«Ինծի համար մեծ պատիւ էր մասնակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութիւններուն»,- «Արեւելք»ին ըսաւ եզիտի աքթիւիսթ Նատիա  Մուրատ: Մուրատ նաեւ նշեց, որ  հայերն ու եզիտիները եղբայրներ են, եւ իրենց կապողը միայն ողբերգութիւնը չէ, այլ՝ ցաւին  յաղթելու կամքը: Ան նշեց, որ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը պատճառ դարձաւ, որ նոյնը կրկնուի այսօր եզիտիներուն հետ, նշելով որ որեւէ  ցեղասպանութիւն, որ կը կատարուի պէտք է խստագոյնս դատապարտուի, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել նման ողբերգութիւններու: Մուրատ նաեւ նշեց, որ այն ինչ որ պատահեցաւ հայերուն՝ ցեղասպանութիւն էր եւ ինչ որ տակաւին կը պատահի մինչեւ այսօր եզիտիներուն նոյնպէս ցեղասպանութիւն է»:

Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցին, թէ ներկայիս Իրաքի Սինճար շրջանին մէջ գետնի վրայ ինչպիսի՞ դրութիւն կը տիրէ, Մուրատ ըսաւ, որ Սինճարի մէկ մասը ներկայիս ազատագրուած է, սակայն անոր 40 տոկոսը տակաւին կը շարունակէ մնալ Տահէշի տիրապետութեան տակ: Ան նաեւ նշեց, որ Սինճարի ազատագրուած շրջաններուն վրայ տարբեր ուժեր կը գործեն, ինչպէս՝  քրտական Փէշմարքան, եզիտիական ուժեր եւ այլն, որոնք բոլորը կը կռուին Տահէշի դէմ, յայտնելով, որ ինք տուեալներ չունի, թէ իրաքեան կառավարական ուժերը ինչքանով ներկայութիւն են կամ ներգրաւուած են ազատագրեալ Սինճարի շրջանին մէջ տարուած գործողութիւններուն:

Մուրատ, անդրադառնալով Սինճարի մէջ պատահածներուն, նաեւ նշեց, որ ազատագրուած շրջաններուն մէջ մինչեւ այսօր յայտնաբերուած են  աւելի քան 30 զանգուածային գերեզմաններ, որոնք տակաւին  ոչ մէկ քննութեան  ենթարկուած են. մինչ՝ շուրջ 3500 եզիտի կիներ ու աղջիկներ տակաւին կը գտնուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, աւելի քան 1200 եզիտի երեխայ կը մարզուին Տահէշի ռազմակայաններուն   մէջ եւ  կ'ենթարկուին  «ուղեղալուացման», եւ անոնք այսօր դարձած են ահաբեկիչներ: «Իմ  13 տարեկան  եղբօրորդիս  դէպքերու  առաջին օրերէն կը գտնուի Ռաքքայի ռազմակայանին մէջ, երբ մեր հետ խօսի,  կ'ըսէ,  որ դուք անհաւատ էք, եւ ես պիտի չվերադառնամ ձեր մօտ»,- պատմեց Նատիան, նշելով, որ այս առումով ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի, եւ Տահէշի կողմէ եզիտիներուն պատահածը միայն եզիտիներուն ուղղուած չէր, այլ միլիոնաւոր իսլամներու, ինչպէս նաեւ շատ մը այլ փոքրամասնութիւններու, որոնք ստիպուած հեռացան իրենց տուներէն եւ այսօր կ'ապրին գաղթակայններու մէջ: Այս առումով, Մուրատ շեշտեց, թէ եզիտիներուն  պարագան  աւելի  ծանր էր, որովհետեւ   եզիտի  մեծ թիւով կիներ ու աղջիկները գերի վերցուեցան:

Անդրադառնալով դէպքերէն առաջ Սինճարի մէջ եղող հայ համայնքին, ան նշեց, որ տուելաներ չունի այդ մասին, սակայն գիտէ, որ ներկայիս ոչ մէկ հայ կ'ապրի  Սինճար: «Իմ իմացութիւնը հայերու մասին այնքանով էր, որ միշտ մանկութենէս հայերու մասին լսած էի որպէս ցեղասպանուած ժողովուրդ, եւ թէ ինչպէս եզիտիներն ալ հայերու հետ ցեղասպանութեան ենթարկուած են», ըսաւ Մուրատ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Նատիա Մուրատ անդրադառնալով Տահէշի կողմէ իր ապրած անձնական ողբերգութեան ըսաւ. «Ես պաշտպան եմ ոչ թէ միայն եզիտիներուն, այլ բոլոր այն մարդոց, որոնք անիրաւութեան ենթարկուած են», - աւելցնելով՝ «Անձնապէս ինծի եղածը այն էր, որ ես մինչ իմ գիւղիս մէջ իմ ծնողներով շրջապատուած կ'ապրէի ու կ'ուսանէի, եւ որպէս արեւելեան դաստիարակութեան կրող աղջիկ, ունէի իմ պատիւն ու արժանապատուութիւնը, յանկարծ ինքզինքս գտայ Տահէշի ահաբեկիչներուն  ձեռքը: Իմ նման գերեվարուած էին  հազարաւոր եզիտի աղջիկներ: Մենք Տահէշի կողմէ բռնաբարուեցանք, մեզ «վաճառեցին», «փոխ տուին», մեզ իրար միջեւ փոխանակեցին, ինչպէս նաեւ ստիպեցին որ մեր կրօնը փոխենք»:

Անդադառնալով Տահէշի լուծէն իր ազատուելու հանգամանքներուն, Մուրատ ըսաւ. «Ես չէի հաւատար, որ պիտի ազատիմ այս բոլորէն, սակայն կարճ ժամանակ անց կրցայ դուրս գալ այդ ամէնէն: Մուսէլէն իսլամ ընտանիքի մը օգնութեամբ յաջողեցայ փախչիլ  Տահէշի լուծէն, որոնք ինծի իսլամական անձնագիր տուին, լաչակ եւ հաստ վերարկու հագցուցին եւ այդպիսով փրկուեցայ»: Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ ներկայիս ո՞ւր կ'ապրի եւ ինչո՞վ կը զբաղուի, Մուրատ  պատասխանեց, որ   ան ներկայիս  կ'ապրի Գերմանիոյ Շտուտկարտ քաղաքը եւ ներգրաւուած է «փրկուածներու օժանդակութեան ծրագրին» մէջ, ուր կան 1000 եզիտիներ, եւ Գերմանիոյ պետութիւնը բոլորին օգնած է բուժման եւ ուսման հարցերով, ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրած է իրենց ծախսերը հոգալու ամսաթոշակ մը:

«Արեւելք»ի այն հարցին, թէ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւնները, ապրելէ ետք այս մեծ աղէտները՝ Մուսէլի, Ռաքքայի, Սինճարի մէջ արդեօք պիտի կարենա՞ն դարձեալ իրենց կեանքը շարունակել այդ շրջաններուն մէջ, Մուրատ պատասխանեց. «Ճիշդը, այն ինչ որ  պատահեցաւ Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Եէմէնի մէջ՝ մարդկային կործանում էր, որուն զոհ գացին միլիոնաւոր անմեղ մարդիկ: Իմ կարծիքով, բոլոր իրաւազրկուած փոքրամասնութիւնները,  եթէ հատուցում չստանան ու մանաւանդ ապահով եւ խաղաղ ապրելու  երաշխաւորում չունենան, հոն (Միջին Արեւելք,-խմբ.) պիտի չմնան, եւ անկարելի է, որ  մնան: Ես անձնապէս չեմ վերադառնար, նոյնիսկ եթէ տունս ազատագրուի եւ վերակառուցուի ու ինծի վերադարձուի:  Ես պիտի չվերադառնամ, բացի եթէ հաստատ գիտնամ, որ տարիներ ետք մեզի եղած  ծանր  յանցագործութիւնները  պիտի չկրկնուին»:

Մուրատ,  խօսելով իր Հայաստան տուած  առաջին այցին   մասին,  նշեց, որ ինք շատ հպարտ է, որ եզիտիները Հայաստանի մէջ յարգուած համայնք են, եւ աւելցուց՝ «Անկեղծ ըսեմ, այս իմ առաջին այցն է Հայաստան, եւ ես հանդիպում ունեցայ արտաքին գործոց նախարարին, վարչապետի օգնականին, ինչպէս նաեւ կառավարական պատասխանատուներու  հետ, որոնք եզիտներուն մասին կը խօսէին առանց  զատողութիւն դնելու, կարծես իրենք ալ հայեր են, եւ ոչ մէկ վատ մօտեցում ունէին եզիտիներու հանդէպ»: Մուրատ նաեւ նշեց, որ եզիտիները խաղաղ ժողովուրդ  են, եւ անոնք նոյնն էին նաեւ Սինճարի մէջ, ոչ մէկ տարբերութիւն չէին դներ իսլամի ու քրիստոնեայի միջեւ, սակայն իրենց հանդէպ բնորոշուած զատողութիւն կար Իրաքի մէջ:  Խօսելով   Հայաստանի   մէջ  ապրող  եզիտներուն մասին Մուրատ նշեց. «Ես տեսայ, որ  իմ  ժողովուրդս  յարգուած է եւ հպարտ զգացի իմ ժողովուրդի մասին այստեղ հնչած բարձր արտայայտութիւններով: Ի վերջոյ մենք եղբայր ենք ողբերգութեան մէջ»:

Զրոյցի աւարտին Նատիա Մուրատ, խօսքը ուղղելով Միջին Արեւելքի ժողովուրդին, նախ խնդրեց իսլամներէն, որ իրենց երիտասարդները դադրին Տահէշի անդամակցելէն եւ փոքրամասնութիւններու կողքին կանգնին, որովհետեւ անոնց պատահածը պիտի պատահէր նաեւ իրենց նկատել տալով, որ «Տահէշը կ'այլանդակէ իսլամի իսկական պատկերը»: Ապա իր խօսքը ուղղելով հայ, քիւրտ, քրիստոնեայ, եզիտի, ասորի փոքրամասնութիւններուն, կոչ ըրաւ, որ անոնք միասնական դառնան եւ ապրին միատեղ խաղաղութեան մէջ, միասին  պայքարին ահաբեկչութեան դէմ, որն  ուղղուած է  բոլորին:  «Կը տեսնեմ,  որ այս պայմաններուն մէջ ո՛չ մենք, ո՛չ մեր երեխաները ապագայ ունինք այդ շրջաններուն մէջ, հետեւաբար կը խնդրեմ բոլորէն, որ միասնական ըլլան» եզրափակեց Մուրատ:

 


 

Նշենք, որ 21-ամեայ եզիտի  գործիչ Նատիա Մուրատը երեք ամիս ձերբակալուած եւ սեռական շահագործման ենթարկուած է Տահէշի ծայրայեղականներուն կողմէ: Մուրատ, ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին առջեւ, պահանջած էր, որ եզիտիներու ցեղասպանութեան հարցը  հասնի Լահէյի Միջազգային Քրէական Դատարան:  Ան հանդիպումներ ունեցած է շարք մը երկիրներու առաջնորդներու  հետ` ներկայացնելով 2014-ին եզիտիներու դէմ տեղի ունեցածը: Նատիա Մուրատը ծնունդով Շանկալի մարզի Քոչո գիւղէն է, ան եզիտիներու ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսնցուցած է իր ընտանիքի բոլոր անդամները: