image

Էրտողան խիստ բառերով պահանջեց Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի արտայանձնումը

Էրտողան խիստ     բառերով       պահանջեց   Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի արտայանձնումը

Թրքական haberler.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ  Էրտողան, դարձեալ անդրադառնալով Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի խնդրին, ըսած է, թէ իրենք մեծ քանակութեամբ փաստաթուղթեր ղրկած են ԱՄՆ իշխանութիւններուն, որոնք կ'ապացուցեն Կիւլէնի մասնակցութիւնը յեղաշրջման փորձին եւ վաղ թէ ուշ ԱՄՆ պէտք է ընտրութիւն ընէ  «կամ   Ֆէթհիւլլան, կամ Թուրքիան»  ձեւաչափով: «Արդէն 17 տարի է իր երկրին մէջ ապաստան տուած այս վառնոցին, յեղաշրջման ջատագով այս շառլաթանին ԱՄՆ իշխանութիւնները ժամանակն է, որ վերադարձնեն»,- ըսած է   Թուրքիոյ նախագահը: Դիմելով նախագահական նստավայրի առջեւ ժողուած բազմութեան` ան «մահապատիժ կուզենք» վանկարկողներուն ըսած է, որ եթէ Ազգային ժողովը  ընդունի   այդ   օրինագիծը, ապա ինք պիտի վաւերացնէ այն: Էրտողան ժողովուրդին տեղեկացրած է նաեւ, որ «ժողովրդավարութեան հանրահաւաքները» առայժմ պիտի ընդմիջուին, բայց ընդգծած է ժողովուրդին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ըսած, որ առկայ տարբերութիւնները պէտք է ստորադասուին հայրենիքին, պատուին եւ այլեւս թոյլ չպէտք է տան, որ ժողովուրդին մէջ  պառակտում  ըլլայ: