image

Երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեանի յիշատակին

Երաժշտագէտ  Գրիգոր Փիտէճեանի յիշատակին

Կարա Մուրզայի Անզուգական Մեկնաբանը (1935-2019)

 

Երկու Պատանիներ

Ցաւ ի սիրտ    «Պայքար»էն տեղեկացայ երաժշտագէտ ու մեծ արուեստաբան, Կարա Մուրզայի բացառիկ մեկնաբան Գրիգոր Փիտէճեանի մահուան մասին: Վերջերս երբ կը խօսէի իր հետ, կը գանգատէր մի քանի առողջական պատճառները թուելով, եւ սակայն մահուան գոյժը անակնկալ եղաւ ինձ համար:

Աւազանէն Յակոբ Փիտէճեան 12 տարեկան, ծնած Աղեքանդրիա, կը հանդիպէր Գահիրէէն ամառնային ճամբարի արձակուրդով Աղեքսանդրիա մեկնած 14-ամեայ Դանիէլ Արզումանեանին: Երկուքը կը մտերմանային երբ օր մը Յակոբ ինձ համար ՚Գթա Տէրՙ շարականը կ°երգէր, լսած ըլլալով տեղւոյն ծերունի Վարդան Քահանայ Գարակէօզեանէն: Ինձ համար անծանօթ շարական մըն էր: Տարիներ ետք երբ երկուքս Անթիլիասի Դպրեվանք կ°ուսանէինք, յիշեցուցի շարականին մասին: Վերջերս հեռաձայնին վրայ դարձեալ յիշեցուցի պատանեկան մեր հանդիպումն ու ՚Գթա Տէրՙ շարականի իմ առաջին ուսուցիչը ըլլալը: Ազնուական Գրիգոր Փիտէճեան յետագային միշտ յոգնականի կը խօսէր հետս իր թաքուն եւ արուեստագէտի բարի նկարագիրը ցոլացնելով:

Փիտէճեան Անթիլիաս ժամանեց ինձմէ երեք տարի ետք, ու հին նկարներէն յայտնի կը դառնայ որ որպէս ժառանգաւոր ներկայ եղած է մեծանուն Կաթողիկոս Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Հայրապետի 1952 թուի յուղարկաւորութեան: Ասկէ Տարի մը առաջ ինծի ուղարկեց երկու հին նկարներ Անթիլիասի Ուխտի Օրուան թափօրներէն որուն ես որպէս սարկաւագ ու ինք ժառանգաւոր մաս կը կազմէինք: Իմ կարգին իրեն ղրկեցի փոքրիկ նկար մը ուր Փիտէճեան 1954 Յուլիս 4-ին կը լուար նոյն օր ձեռնադրուած եւ օծուած Հայր Զաւէն Արզումանեանի միւռոնաբոյր ձեռքերը որպէս կրտսեր կնքահայր:

 

Յայտնի Երաժշտագէտը

Կիլիկիոյ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի պատմութեան մէջ Գրիգոր Փիտէճեան կը հանդիսանայ միակ շրջանաւարտը որպէս միջազգային որակով յայտնի Փրոֆ. երաժշտագէտ, մեկնաբան եւ խմբավար: Իր ստացած բարձրագոյն ուսումն ու զարգացումը զինք Հայաստան առաջնորդեցին ուր եւս երաժշտական մարզէն ներս յատուկ ուշադրութեան եւ բարձրագոյն պատիւներու արժանի դարձաւ, յատկապէս երբ արդէն ի լոյս ընծայած էր ինծի ուղարկած երկու բացառիկ հատորներըª ՚Կարա Մուրզայի Կեանքն ու Գործըՙ, եւ ՚Անձինք Նուիրեալքՙ շարականի մանրամասն մեկնաբանութիւնը‘ բնագրային եւ շարականագիտական հիմունքով: Երկուքն ի մի յայտնի երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեանին պարծանքը կը հիւսեն, ի միջի այլոց ուրիշ երաժշտագիտական երկերու եւ յօդուածներու հետ միասին, որոնցմէ յիշեալ երկուքին առանձինն կ°անդրադառնամ ստորեւ:

Առիթով մը կը խօսէինք Դպրեվանքի երաժշտութեան մեր ուսուցչին յայտնի համբաւաւոր երաժիշտ եւ երգահան Համբարձում Պէրպէրեանի մասին: ՚Համբարձում Պէրպէրեան մեր օրերու մեծագոյն երաժշտագէտներէն մին եղաւՙ կ°ըսէր, բարձր գովասանքներով, երբ իրեն կը յիշեցնէի մեր ուսանողական տարիներուն Գարեգին Ա Մեծ Հայրապետին 1951 թուի առաջարկը Համբարձում Պէրպէրեանին, Վարդանանց 1500¬ ամեակին առիթով համանուագ մը ստեղծագործելու: Պէրպէրեան, Գարեգին Յովսէփեանց Հայրապետին իղձը իսկոյն իրականացուց մեր ուսանողական օրերուն, Վահան Թէքէեան մեծ բանաստեղծի ՚Խորհուրդ Վարդանանցՙ բանաստեղծութեան վրայ յօրինելով զմայլելի Գանթաթան որ համազգային պատիւ բերաւ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին, զայն անձամբ ղեկավարելով նուագախումբի եւ երգչախումբի լիակատար մասնակցութեամբ: 1951-ի առաջին ներկայացումին, որուն մաս կազմեցինք նաեւ ուսանողներս, Հայրապետը լսեց ու զմայլեցաւ գոհունակ սրտով: Համբարձում Պէրպէրեան Վարդանանց Օրաթորիոն ղեկավարեց աշխարհով մէկ, Հայրենիքի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ անգամներ:

Գրիգոր Փիտէճեան շատ ծանօթ էր Գանթաթային երբ յայտնեցի որ ձայնագրութիւնը իր վերջնագոյն ձեւին մէջ ունէի եւ երբեմն ձեռքս առնելով կ°երգէի մայր եղանակը զոր իւրացուցած էի, եւ մինչեւ օրս կ°երգեմ ինձ համար: Գրիգորին կ°ըսէի թէ այնքան հարազատօրէն չէի կրնար հետեւիլ ձայնագրութեան, եւ ինծի կ°ըսէր թէ պիտի ջանաս զատորոշել մայր եղանակը մնացեալ դաշնաւորումէն:

 

Երաժշտագէտին Աւանդը

Հայ երգարուեստն ու շարականագիտութինը շատ բան կը պարտին Փրոֆ. Գրիգոր Փիտէճեանին: Իր թողած կարեւորագոյն երկու գործերէն մին Կարա Մուրզայի կեանքին ու երաժշտութեան եւ անոր ՚առաջին հայկական Պատարագինՙ նուիրուած արժէքաւոր հատորն է: Իսկապէս անզուգական գործ մը ուր վերջին ու ամբողջական խօսքը կ°ըսուի 19¬րդ դարու այդ վաստակաւոր հայ երաժիշտի մասին: Ուրիշներ շատ գրած են Կարա Մուրզայի մասին, սակայն թերի եւ ոչ¬մասնագիտական:

Փիտէճեանի սոյն հատորին մէջ Կարա Մուրզայի կեանքի մասին աղօտ եւ կնճռոտ մնացած հարցեր իրենց լուծումը գտած են, յատկապէս Էջմիածնի մէջ իր դիմակալած հակառակութեանց առիթով, եւ մասնաւորաբար ամենէն ցայտունը, անոր Հայ Եկեղեցւոյ ՚առաջին Պատարագըՙ,  Մակար Եկմալեանէն ու Կոմիտաս Վարդապետէն առաջ, զոր Կարա Մուրզա յօրինած է որպէս հիմք, որուն լրիւ երաժշտական նօթերը Փիտէճեան որպէս ամբողջութիւն եւ սկզբնաղբիւր այնքան հանգամանօրէն խմբագրած, վերբերած   ու հրատարակած է իր այս հատորին մէջ:

Փիտէճեանի միւս երկը նոյնքան արժէքաւոր, կը հանդիսանայ Հռիփսիմեանց եւ  Գայեանեանց յիշատակին 7-րդ դարուն Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոսի յօրինած շարականի պատմական եւ երաժշտական բովանդակութիւնն ու մասնագիտական վերլուծումը: Հոն Փիտէճեան բաղդատած է ԴԿ դարձուածք շարականներու կառուցուածքը որոնց եղա¬ նակին հիմքը Կաթողիկոսին ՚Անձինք Նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսիՙ հոյակապ շարա¬ կանն է, այբենական տառասկիզբներովª 36 տուն, Ա¬էն Ք: Շարականին երաժշտագէտը, ըստ Փիտէճեանի, եղած է նոյն ինքն Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոսը, որ հեղինակն է թէ° 36 տուներու հոյակապ բանաստեղծութեան եւ թէ° նոյնքան սրտառուչ ԴԿ դարձուածք եղանակին: Յիշելու ենք որ այդ պատճառով մեր անմիջական անցեալի Կոմիտաս Վարդապետ ժառանգեց Կաթողիկոսին անունը արժանաւորապէս:

Միայն պատմական դէպքերուն ակնարկն ու շարականին համապատասխան յօրինումը չէ° եղած երաժշտագէտ Փիտէճեանի աշխատանքին հորիզոնը, այլ ան կատարած է աննախընթաց գործª հաւաքելով նոյն ԴԿ դարձուածքի հիմնական շարականները ու զանոնք բաղդատած ՚Անձինքՙ շարականին հետ: Գիրքին մէջ կը յայտնաբերուին բերանացի եղանակներու եւ գրաւոր երաժշտութեան յարակցութիւնը, ժամանակներու հետ յառաջացած զարգացումները, յանգելով այն եզրակացութեան որ մայր եղանակը ՚Անձինքՙ շարականէն կուգայ ու կը տարածուի միւս նոյնանման շարականներուն վրայ, զորս Փիտէճեան յանուանէ կը հրատարակէ երաժշտական նօթերով միասին որպէս նմոյշ առաջին անգամն ըլլալով:

 

Ազնուական Արուսետագէտը

Մեր ներկայ ժամանակներուն այլեւս չենք հանդիպիր վաւերական երաժշտագէտ հայորդիի, Սովետական կարգերու փլուզումէն ասդին: Երաժշտութիւնը մեր մէջ իր դասական նկարագրէն գրեթէ պարպուած է, եւ սխալ պիտի չըլլայ երբ հաստատենք որ Գրիգոր Փիտէճեանի մահուամբ կ°աւարտի նաեւ մեր իսկական հարազատ երա¬ ժշտութիւնը որուն յաջորդողներ չեն երեւիր հեռաւոր հորիզոնին վրայ, գոնէ առ այժմ: Իր բարձրագոյն ազնուութեամբ եւ խոնարհութեամբ Գրիգոր Փիտէճեան կնիքը դրաւ հայ գեղարուեստի սոյն բնագաւառին վրայ արժանաւորապէս, առանց փողի եւ թմբուկի:

Իր ազնուութեան մէկ արտայայտութիւնը վերջերս յայտնեց իր պատանեկան նոյն ընկերոջ նկատմամբ, երբ Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի Հայրապետական Կոնդակով շքանշան կը յանձնուէր յատուկ երեկոյ մը Արեւմտեան Թեմին մէջ: Հոն կը կարդային գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններով լի յատուկ նամակ մըª ձեռագիր գրուած երաժշտագէտ եւ պատուակալ Փրոֆ. Գրիգոր Փիտէճեանի կողմէ:

Թող ներկայ գրութիւնը մեր շարականներու բառերով ՚արեգակնակերպ ճառա-գայթներովՙ լուսաւորէ իր հոգին:

 

ԴՈՏԿ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՅՆ.  ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

«ՄԱՍԻՍ»