image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոսի օդուժը ծանր հարուած տուած է Լիպիոյ հետ սահմանին գտնուող ահաբեկիչներուն

Եգիպտոսի օդուժը ծանր հարուած տուած է Լիպիոյ հետ սահմանին գտնուող ահաբեկիչներուն
Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ իր ուժերը կանխարգելիչ հարուած հասցուցած են Լիպիոյ հետ սահմանին գտնուող ահաբեկիչներուն, որուն ընթացքին ոչնչացուած են ահաբեկիչներով, զէնքով եւ զինամթերքով բեռնուած 21 չորս-անուահեծ մեքենայ:

Այս մասին կը յայտնէ almasdarnews.com-ը՝ նշելով, որ գործողութեան մասին տեղեկատւութիւնը ստացած է ՊՆ յայտարարութեան այն հատուածէն, ուր կը մանրամասնուին  1 սեպտեմբերէն 8 դեկտեմբերը «պետութեան բոլոր ռազմավարական ուղղութիւններով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի զինուած ուժերու կողմէ գրանցած յաջողութիւնները»։

 Թուիթըրեան էջին հրապարակուած տեսանիւթէն պարզ կը դառնայ, որ ճշգրիտ օդային հարուածներ հասցուած են Եգիպտոսի ռազմաօդային ուժերու Rafale կործանիչներով, որոնք այս գործողութեան մէջ գլխաւոր դերակատարում ունեցած են՝ թիրախաւորելով եւ ոչնչացնելով Լիպիոյ սահմանի մօտ գտնուող աւելի քան 20 մեքենայ զէնք ու զինամթերք պարունակող ահաբեկչական շարասիւնը:

Գործողութեան մասնակցած են նաեւ Եգիպտոսի ռազմաօդային ուժերու հետախուզական ինքնաթիռները, որոնք վերահսկած են իրավիճակը։

Յատկանշական է նշել, որ ֆրանսական արտադրութեան Rafale օդանաւերը կրնան կրել բարձր ճշգրտութեան զէնքեր, այդ շարքին`լազերային ղեկավարուող ռումբեր` 202-էն մինչեւ 910 քիլոկրամ, որոնք ունին մինչեւ 18 քիլոմեթր հեռահարութիւն, ինչպէս նաեւ ES-30L ղեկավարուող հրթիռներ՝ մինչեւ 12 քիլոմեթր հեռահարութեամբ: