image

Եգիպտական դատարանը «անմեղ» ճանչցած է իշխանազուրկ եղած Մուհամմատ Մուրսին

Եգիպտական դատարանը  «անմեղ»  ճանչցած է իշխանազուրկ  եղած Մուհամմատ Մուրսին

Ալ-Ժիզէյի քրէական դատարանը կիրակի օր որոշում կայացուցած է՝ չընդառաջել Մուրսիի դէմ 2012-ի նախագահական ընտրութիւններուն կատարուած խարդախութեան հետաքննութիւնը վերսկսելու բողոքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար»ը,  նշելով, որ դատարանը այս առումով յայտնած է, որ քննիչ դատաւորի կողմէ  քրէական գործ յարուցելու հիմք չկայ:

 

Յիշեցնենք, որ նախկին նախագահի թեկնածու Ահմէտ Շաֆիք բողոք ներկայացուցած էր 2012 -ի նախագահական ընտրական յանձնաժողովի դէմ `մեղադրելով անոր «Իխուան»կուսակցութեան թեկնածու Մուհամմատ Մուրսիի օգտին քուէարկութեան արդիւնքը կեղծելու  եւ անոր երկրի նախագահ ճանչնալու մէջ: