Լիբանան- («Ալ Ժումհուրիյա»- Պէյրութ) Լիբանանցի Տիւրզի գործիչին կարծիքով Թուրքիոյ մէջ եղած յեղաշրջումը պատրաստուած ու «բեմադրուած» էր Թուրքիոյ նախագահին կողմէ: Ուիամ Ուահապ նաեւ ըսած է, որ Էրտողան այս քայլին դիմած է «ճզմելու համար» իր ներքին հակառակորդները: Ան նաեւ դիտարկած է, որ ամիսներ առաջ Թուրքիոյ նախագահը յաջողած էր իր «ափերուն մէջ առնել» երկրի մամուլը եւ հիմա հերթը եկած է քաղաքական կուսակցութիւններուն: Ուահապ, խօսելով յեղաշրջման փորձին մասին, ըսած է, թէ «անկարելի է այսքան մեծաթիւ սպաներու մասնակցութեամբ այսքան երեխայական յեղաշրջում մը կատարել»: Նշենք, որ Ուահապ «Արաբ Տէմոքրատական» կուսակցութեան նախագահն է: