image

Եղածը «երեխայական» բեմադրութիւն է. Լիբանանցի գործիչը Թուրքիոյ յեղաշրջման մասին

Եղածը «երեխայական» բեմադրութիւն է. Լիբանանցի   գործիչը  Թուրքիոյ  յեղաշրջման  մասին

Լիբանան- («Ալ Ժումհուրիյա»- Պէյրութ) Լիբանանցի   Տիւրզի   գործիչին  կարծիքով   Թուրքիոյ մէջ եղած   յեղաշրջումը պատրաստուած  ու «բեմադրուած» էր  Թուրքիոյ նախագահին կողմէ:  Ուիամ Ուահապ նաեւ ըսած է,  որ Էրտողան այս  քայլին դիմած է  «ճզմելու համար»   իր ներքին հակառակորդները: Ան նաեւ դիտարկած է, որ ամիսներ առաջ  Թուրքիոյ նախագահը յաջողած էր իր  «ափերուն մէջ առնել»  երկրի մամուլը եւ հիմա  հերթը եկած է քաղաքական կուսակցութիւններուն: Ուահապ,  խօսելով  յեղաշրջման  փորձին մասին, ըսած է, թէ «անկարելի է այսքան մեծաթիւ սպաներու մասնակցութեամբ այսքան երեխայական յեղաշրջում մը կատարել»: Նշենք, որ Ուահապ «Արաբ Տէմոքրատական»  կուսակցութեան  նախագահն է: