Վերջին շրջանին հայրենի կարգ մը քաղաքական գործիչներու կողմէ ստէպ ստէպ շրջանառութեան մէջ կը դրուի ՙԿուր-Արաքսեան հանրապետութիւն՚ եզրոյթը: Անոր ամենահետեւողական ջատագովներէն է ՙքաղաքագէտ՚ Լեւոն Շիրինեան, որ վերջերս ալ հիմնադրեց նոր կուսակցութիւն մը (ՙՔրիստոնեայ-Դեմոկրատական Վերածնունդ՚) Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու միտումով: Այս եզրոյթը ներառուեցաւ նաեւ ՙՍասնայ Ծռեր՚ կուսակցութեան (ըստ իրենց` ՙհամահայկական կուսակցութիւն՚) հիմնադիր համագումարի հիմնադրոյթներէն ներս` որպէս քաղաքական առաջադրանք: Իր հերթին, հետախոյզ-ազատամարտիկ Վովա Վարդանով յայտարարութեամբ մը նշեց, որ Հայաստանի տարածքը եթէ անցեալին կը բաւարարէր երկրին հիմնական հարցերուն լուծման, ապա` այժմ այդ տարածքը (Հայաստանի Հանրապետութեան) կենսական կարիքը ունի ընդարձակման: Թէ որո՞ւ հաշուոյն եւ ի՞նչ գնով պարզ չէ, բայց հաւանաբար նկատի ունի Ատրպէյճանը: Իսկ ՙԿուր-Արաքսեան հանրապետութիւն՚ յստակ է որ կը նշանակէ Կուր եւ Արաքս գետերուն միջեւ ինկած ընդարձակ հողատարածքը` այսինքն` Նախիջեւանէն մինչեւ Արցախի յարակից արեւելեան դաշտավայրը` հասնելով Ատրպէյճանի խորքը:
Ի հարկէ, ցանկալի եւ խանդավառիչ այս տեսութիւնը պիտի ոգեւորէր բոլորս, եթէ քիչ մը մօտիկ ըլլար իրապաշտութեան, կամ` հեշտօրէն իրագործելի: Ամէն ակնահաճոյ եւ ականջահաճոյ ծրագիր միշտ չէ որ կրնայ դառնալ շօշափելի իրականութիւն:
Միւս կողմէ, Սեպտեմբերի վերջին, Սան Փեթերսպուրկի մէջ կայացած կանանց եւրասիական երկրորդ համաժողովին, Հայաստանի վարչապետին տիկինըª Աննա Յակոբեան, ելոյթ ունենալով շեշտեց աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հակամարտութեանց խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութեան վրայ եւ այդ առումով կանանց չափազանց կարեւոր դերը, որոնք կրնան տղամարդկանց մղել աւելի խաղաղասէր քայլերու, խնդիրները երկխօսութեամբ լուծելու: Ի հարկէ, ան նկատի ունէր նաեւ արցախեան կնճիռը: Եւ իրօք, ան նախաձեռնակ եղաւ ՙԿանայք` Յանուն Խաղաղութեան՚ արշաւին եւ 7 Հոկտեմբերին կանանց մեծ խումբով մը ուղղուեցաւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գօտի` ուր յայտարարութեամբ մը հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղեց խաղաղութեան: Նախաձեռնութեան հայ կիներու կողքին միացած էին Ռուսաստանը ներկայացնող հասարակական, քաղաքական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու անուանի ներկայացուցիչներ:
Այս սրտառուչ քայլէն առաջ իսկ պաշտօնական Երեւանէն միշտ ալ հնչած են խաղաղ բանակցութեան առաջարկներ, ռազմական գործողութիւններէ զերծ մնալու կոչեր, այն համոզիչ տրամաբանութեամբ, որ որեւէ կտրուկ եւ վայրագ միջոցառում կործանարար կþըլլայ հակընդդէմ կողմերուն հաւասարապէս: Հայաստանի նախկին նախագահներէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս հաստատեց այս ուղին, 17 Օգոստոսի նշանաւոր հանրահաւաքին, յաչս բազմահազար ժողովուրդին, որ Արցախի հարցին լուծման բանալին խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհն է:
Այս հանգրուանին, ո՞րն է աւելի իրապաշտ եւ օգտակար. ո՞ր ընտրանքը կարելի է համարել արդիւնաւէտ: Տեղին է նշել, որ խաղաղասիրական վերոնշեալ քարոզչութեան մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը կþունենայ նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներէն` հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի մայրը` Տիկ. Համեստ Ուրֆանեանը, որ իր հիմնադրած ՙԱրմենակ Ուրֆանեան Բարեգործական Հիմնադրամ՚-ին առիթով յայտնեց. ՙՍրբացած մեր տղաների յիշատակը յաւերժ խոնարհումով պահելու համար հիմնել եմ հերոս որդուս անուան բարեգործական հիմնադրամը, որի խորհրդանիշ պատկերն աղաւնիներն են` ի նշան խաղաղութեան աւետիս՚: Այլ առիթով մը ան արտասուալից աչքերով ըսաւ. ՙՍպիտակ զգեստներով կանգնելու ենք սահմանին՚` ակնկալելով որ հակառակորդը կþանդրադառնայ պատերազմի ողբերգականութեան:
Դժբախտաբար, ոմանք խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը դիտաւորեալ կը շփոթեն թուլութեան եւ վախկոտութեան հետ: Ուրիշներ` մարտաշունչ կերպարանք ընդունելով իրենք զիրենք կը ներկայացնեն անզիջող ռազմիկներ: Առաջիններուն մօտ նշմարելի է չարամտութիւն մը, կամ` քաղաքական շահարկում մը` իշխանութիւնները քննադատելու եւ թուլակամ ցոյց տալու: Անոնցմէ մին, հանրայայտ Զարուհի Պոսթանճեան Հայաստանի առաջին տիկնոջ հեգնելով կը յորդորէ` ՙխաղաղութիւնը կը նուաճեն, ոչ թէ կը խնդրեն՚: Ի հարկէ, նման էժան խրատականներ կը բաշխեն անոնք, որոնց նպատակը ամբոխահաճոյ ըլլալն է, իմաստունի պատմուճանով պճնուիլն է: Դիւրին է յորդորել, երբ իր տան մէջ նահատակեալ չկայ, զինուոր որդի չունի, տաք տաք կը թափառի Երեւանի փողոցներով: Թող խաղաղութեան կամ պատերազմի մասին վկայեն որդեկորոյս սեւազգեստ մայրերն ու որբացածներ, քանզի անոնք է որ ամէն վայրկեան կþապրին կսկիծը պատերազմին եւ անոր չսպիացող հետեւանքներուն:
Միւս կողմէ, ակնյայտ է, թէ անզիջողութեան, պատերազմի եւ քաջագործութեանց մասին կը խօսին անոնք, որոնք Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու անձանձրոյթ կը խմեն մեծ ու միացեալ Հայաստանի կենացը...: ԱՄՆ-էն Գանատա, Ֆրանսայէն Լիբանան եւ Սուրիա հողմացրիւ մեր ՙհերոսները՚ չեն վարանիր ներբողելու Կուրէն Արաքս, Նախիջեւանէն Ջաւախք, Կարս ու Վան տարածուող երկրի մը մասին, որ տակաւին այցելած անգամ չեն, տեսած են քարտէզներու վրայ լոկ, այն ալ ակումբներու եւ դպրոցներու մէջ: Երազայինին կառչիլը սկսած է դառնալ քաղաքական-մարտական գործունէութիւն, որ վերջին հաշուով կը հասնի զաւեշտալիի սահմաններուն:
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին Շիրինեաններ եւ ՙՍասնայ Ծռեր՚ու երկրպագուներ երբ ՙԿուր-Արաքսեան հանրապետութիւն՚ կարգախօսին տակ ռազմասէր ելոյթներ կþունենան, այդ դիտելով տարածաշրջանային եւ միջազգային ռազմա-քաղաքական պայմաններու պրիսմակէն, անկասկած կը գլեն կþանցնին ծիծաղելիութեան սահմանները, քանի տակաւին Արցախի ձգձգուող հարցը չլուծած, ի՞նչ մեծամտութեամբ կþարձակեն նման ցնորական նախագիծեր, ո՞վ պիտի կրէ պատասխանատուութիւնը նման ելոյթներուն, դժուա՞ր է գուշակել պատերազմին ծանրակշիռ հետեւանքները իր մարդկային, տնտեսական, քաղաքական, հոգեբանական զոհերով եւ ցնցումներով: Պատերազմը սկսիլ չի նշանակեր այդ բարեյաջող աւարտել` երբ այդ յղի է անորոշ վտանգներով: Հետեւաբար, նման կարգախօսներ կը միտին սիրաշահիլ ընտրազանգուածներ եւ ապակայունացնել Հայաստանը:
Ո՞վ չի փափաքիր մեծ հայրենիք. ո՞վ չի ցանկար պատերազմիլ եւ յաղթել, սակայն երբ կշիռքի նժարին դնենք այսօրուան աշխարհաքաղաքական կացութիւնը, պիտի հաստատենք թէ նժարը կը թեքի ի նպաստ խաղաղութեան ընտրանքին: Վերջապէս քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնել բանականութեան վրայ եւ ոչ թէ զգացումի եւ երազի վրայ:
Հայաստանի այսօրուան հրամայականը ամուր տնտեսութիւնն է, ներքին կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Եւ այս բոլորին ճանապարհը կþանցնի ողջախոհ քաղաքականութեամբ, ժողովուրդին լաւատեսութեամբ եւ խաղաղասիրական քայլերով: Պէտք է խուսափիլ նոր զոհերէ, ՙԿուր-Արաքսեան՚ անհեթեթ օրօրներէ եւ փքուռոյց լոզունգներէ: Հայրենիք շինելու, կառուցելու եւ հողին վրայ խտանալու առաջին նախապայմանը խաղաղութիւնն է, որուն կը հաւատան հայրենիքի ղեկը ստանձնած պետական այրերը, որովհետեւ պետականութեան պահպանումն ու կերտումը նախեւառաջ պատասխանատուութիւն է ժողովուրդին եւ պատմութեան առաջ:
Վերոյիշատակեալ բարեգործական հիմնադրամը ունի իր խորհրդապատկերը, որուն բացատրութեան մէջ կը կարդանք. ՙՍուրը խոյանում է դէպի վեր, դառնում յիշատակի յաւերժական անմար կրակ: Բայց եթէ թշնամին ոտնձգութիւն կատարի սրբացած հողին, անմահ հերոսի վիրաւոր մայրը երկնազօր անսասան սրով կը պահի իր հերոս որդու արիւնով հեղուած սուրբ հողը...՚: Երբ հայրենի հողին նուիրականութեան մասին կը գրէ նոյնինքն խաղաղութեան հաւատացող մայրը, կը նշանակէ թէ խաղաղութիւնը երկչոտութեան հետ խառնողը դրդուած է չարամտութենէ: Ո՞վ կրնայ ճշգրիտ կերպով գնահատել հայրենի հողին եւ խաղաղութեան գինը եթէ ոչ նահատակեալ հերոսի մը մայրը:
Ուրեմն` դէպի ո՞ւր. ՙԿուր-Արաքսեան հանրապետութի՞ւն՚ նոր պատերազմի գնով, թէ՞ կայունութիւն, ամրապնդում եւ կառուցում` խաղաղութեան ճամբով:
Պատասխանը կþունենանք սթափ դատողութեամբ միայն:
Աւետիս Ռազմիկ