image

Դէպի Երեւան կարգ մը չուերթներ չեղարկուեցան

Դէպի Երեւան  կարգ մը չուերթներ  չեղարկուեցան

Կարգ  մը  օդանաւային ընկերութիւններ առեւտրական նկատառումներէն ելլելով չեղեալ համարած են կամ կը նախատեսեն չեղեալ համարել չուերթները դէպի Երեւան: Այս  մասին  յայտնած է  ըսած է «Զուարթնոց» օդակայանի հանրային կապերու պատասխանատու Սաթենիկ Յովհաննիսեան:

«Մասնաւորապէս Արմենիա ավիաընկերութիւնը չեղարկել է Երեւան-Լիոն-Երեւան եւ Երեւան-Թել Աւիւ-Երեւան երթուղիներով չուերթերը, իսկ Ryanair ավիաընկերութիւնը՝ Միլան եւ Հռոմ չուերթերը։

«Qatar Airways», «Fly Dubai», «Belavia», «Pegas Fly» օդանաւային ընկերութիւնները իրենց չուերթներու ցուցակներուն մէջ կատարած են ճշգրտումներ, չեղեալ պիտի համարեն որոշ չուերթներ։

Ան աւելցուց, որ այս օրերուն օդակայանի ուղեւորներուն հետ կապուած հսկողութիւն  կը կատարուի: Առողջապապահութեան տեսչական մարմնի աշխատակիցները, ջերմութիւն կը չափեն եւ կը գրանցեն ուղեւորներու տուեալները: