image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոս. Հրթիռարձակումները կը շարունակուին. Կան տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ (Լուսանկարներ)

Դամասկոս. Հրթիռարձակումները  կը շարունակուին. Կան տասնեակ  զոհեր եւ   վիրաւորներ (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ  մայրաքաղաք    Դամասկոսի կարգ մը թաղամասերը կը շարունակեն       թիրախ  դառնալ ահաբեկիչներու  ռմբակոծումներուն:   Այս մասին   այսօր տեղեկութիւն տարածած է «Սանա»  լրատուական   գործակալութիւնը, որ նաեւ փոխանցած  է, որ   յատկապէս  ռմբակոծման թիրախ  դարձած են   «Ալ Քասսահ», «Պապ  Թումա», «Պարամքէ», «Միտան», «Ալ Քասսահ»  եւ այլ  խաղաղ  բնակչութեան  շրջաններ:  Այս  առումով կը հաղորդուի նաեւ, որ   այսօր     այդ շրջաններուն    ուղղութեամբ    արձակուած են   35 հրթիռներ, որոնց հետեւանքով ալ   զոհուած են   11 անձեր, իսկ  վիրաւորներուն  թիւը հասած է 34-ի: 

    Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ բանակը         անցնող  օրերուն  զինուորական  գործողութիւն մը սկսած էր  Դամասկոսի այն  հատուածներուն ուղղութեամբ, որ  անցնող      հինգ տարիներուն ընթացքին կը գտնուին  ահաբեկիչներու  տիրապետութեան տակ: Այդ    շրջաններուն       գլխաւորը կը համարուի   Դամասկոսի  Ղութա     գիւղաւանը: 

'