image
Հրատապ լուրեր:

«Daily Sabah»ի Եւրոպական խորհրդարան մուտքը արգիլելու պատասխանը Թուրքիայէն պիտի ստանան. Էրտողան

«Daily Sabah»ի Եւրոպական խորհրդարան մուտքը արգիլելու պատասխանը Թուրքիայէն պիտի ստանան. Էրտողան

Թրքական «Daily Sabah» թերթի մուտքը Եւրոպական խորհրդարան արգիլուած է: Այս մասին երէկ՝ 19 մարտին, տեղեկացուցած է Էրտողան, Սթանպուլի մէջ կայացած վեհաժողովի մը ժամաանակ:

 

Էրտողան իր խօսքին մէջ յայտարարած է. «Եւրոպական երկիրները չեն վարանիր խախտել իրենց դաւանած սուրբ արժէքները, ինչպիսիք են ժողովրդավարութիւնը, հաւաքներու ազատութիւնը, մտքի ազատութիւնը, կանանց իրաւունքներն ու մարդկային արժանապատուութեան իրաւունքը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Մասըր Ալ-Արապիա» կայքը, նշելով, որ Էրտողան իր խօսիքնին մէջ ընդգծած է. «անոնք, որոնք կ'ուզեն Թուրքիան՝ որ կէս դարէ ի վեր  փախստականի նման Եւրոպայի դրան առջեւ կը սպասէ, տեսնել տկար եւ թոյլ,  շատ լաւ գիտեն ինչ կը նշանակէ նախագահական համակարգը»:


Էրտողան մասնաւորապէս նշած է. «Կան մարդիկ, որոնք կ'ուզեն արգիլել «Daily Sabah»ի մուտքը Եւրոպական խորհրդարան. Եթէ թոյլ չտան մեր տեղական թերթի մուտքը  խորհրդարան, պատասխանը պիտի ստանան Թուրքիայէն», սպառնացած է ան, նշելով, որ եւրոպական երկիրներու մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցածները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ եւ անոր հարցի դէմ պայքարի փուլ սկսած է: