Ինչպէս աւելի վաղ գրած էինք, 15 օր տեւած լայնածաւալ ցոյցերէ յետոյ, այսօր համեմատաբար աւելի խաղաղ օր է Պէյրութի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը, գտնուելով Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն մօտ, այսօր կարողացաւ լուսանկարներ ստանալ եւ զանոնք դնել «Արեւելք»ի տրամադրութեան տակ։
Լուսանկարները գլխաւորապէս առնուած են Պէյրութի «Ռիատ Ալ Սոլհ» հրապարակէն, որ կը համարուի ցոյցի ելած բողոքարարներուն կարեւորագոյն կեդրոններէն մին։
«Արեւելք» բողոքի ցոյցերուն առաջին օրէն սկսեալ եւ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ հետեւիլ զարգացումներուն ներկայացնելով դէպքերու ընթացքն ու կատարելով անաչառ եւ անկողմնակալ լրատուութիւն։
Հետեւեցէք մեր էջերուն՝ Ֆէյսպուք՝ https://www.facebook.com/Arevelkam-854650191237465/ (հաւանումի էջ- Like page)
https://www.facebook.com/profile.php?id=100009899196458 (Դիմատետրի էջ Facebook page)
(Գլխաւոր լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Հայոց Սուրբ նշան Առաջնորդանիստ եկեղեցին։










