image

Ցրտահարութեան դէպքեր ՝ Փարաքարի , Զուարթնոցի եւ Մերձաւանի մէջ

Ցրտահարութեան  դէպքեր ՝ Փարաքարի , Զուարթնոցի եւ Մերձաւանի    մէջ

Ջերմաստիճանի անկումի  հետեւանքով ցրտահարութիւն գրանցուած է     Արարատեան դաշտի կարգ մը շրջաններու մէջ: Այս մասին այսօր տեղեկութիւնը   փոխանցած է   գիւղատնտեսութեան  նախարար Սէրգո  Կարապետեան:  Նախարարը, որ խօսած է կառավարական նիստի ընթացքին,  նաեւ յայտնած է, թէ յառաջիկայ օրերուն եւս  ցրտահարութեան    դէպքեր կրնան   գրանցուիլ: Նշենք, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան  նախարարութիւնը անցնող  երկու օրերուն  տարբեր միջոցներով հայրենի գիւղացիներէն   պահանջած էր  զգօն կերպով հետեւիլ կլիմայական  փոփոխութիւններուն  եւ     ծխապատում կատարել  հեռու մնալու համար հաւանական   ցրտահարումներէ: