image

Թրիփոլիի դէպքերուն հետեւանքով հայ տուժածներ չկան. Շահան Գանտահարեան

Թրիփոլիի դէպքերուն հետեւանքով հայ տուժածներ չկան. Շահան Գանտահարեան

Լիբանանի՝ մեծութեամբ երկրորդ քաղաքին՝ Թրիփոլիի մէջ անկարգութիւններու հետեւանքով հայ համայնքը վնասներ չէ կրած, չեն տուժած հայկական եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը,-ըսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը:

«Թրիփոլիի մէջ ունինք թէ՛ հայկական եկեղեցի, թէ՛ հայկական դպրոց, թէ՛ ակումբ: Հայկական կառոյցները չեն վնասուած: Քաղաքի հայկական համայնքը փոքրաթիւ է: Հայերու շրջանին տուժածներ չկան»,-ըսած է Գանտահարեանն ու աւելցուցած, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն արշաւներուն մասնակցողներ չկան:

Ընդհանուր առմամբ, իրադրութիւնը ան գնահատած է մտահոգիչ: «Քորոնա» ժահրային իրավիճակը, նիւթական շատ ծանր կացութիւնը, երկրին մէջ «լոքտաունը» առաջացուցած են քաղաքացիներու բողոքը, ցասումը: Գանտահարեանի խօսքով՝ դրամատնային համակարգը ոչ լիարժէք կ'աշխատի, կայ գործազրկութիւն, լիբանանեան դրամանիշն անկում ապրած է: Այս ամէնը ծանր իրավիճակ ստեղծած են:

Թրիփոլիի մէջ քաղաքացիներու եւ իրաւապահ մարմիններու բախումներ տեղի կ'ունենան, կան վիրաւորներ, տուժածներ, վնասուած են խանութներ: Անկարգութիւններուն մասնակցողներն նաեւ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի շէնք ներխուժած են:

«Պէյրութի մէջ եւս ցոյցեր եղած են, սակայն աւելի փոքր ծաւալով: Ճանապարհներ փակուած էին, սակայն իրաւապահ մարմինները յաջողած էին վերաբանալ անոնք»,-ըսած է հայ համայնքի ներկայացուցիչը:

Լիբանանի մէջ այժմ «Քորոնա» ժահրը շատ տարածուած է, հիւանդանոցներու գերյագեցուածութեան հետեւանքով երբեմն մահեր գրանցուած են:

«Ցաւօք, հայ համայնքէն ալ, «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահեր կ'ունենանք: Հիւանդանոցներու գերյագեցուածութեան, առողջապահական համակարգի փլուզման երեւոյթ կ'ընթանայ, հիւանդանոցներու մէջ տեղ չկայ: Եւ այդ կը յանգեցնէ լուրջ խնդիրներու»,-ըսած է ու աւելցուցած, որ թէեւ «լոքտաունի» հետեւանքով վարակակիրներու թիւի որոշակի անկման միտում նկատուած է, սակայն իրավիճակը դեռ կը շարունակէ մնալ ծանր:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք Լիբանանի մէջ հայ համայնքն այժմ ընկերային դժուարութիւններ ունի՞, Գանտահարեանն ըսած է, որ բնականաբար:

«Ընդհանուր վիճակն է այդպիսին: Կայ նաեւ քաղաքական անորոշութիւն, նշանակուած է վարչապետ, վարչապետը չի յաջողիր կազմել կառավարութիւն. եւ քաղաքական անորոշութիւն, եւ տնտեսական դժուարութիւններ, եւ «Քորոնա» ժահր»,-ըսած է ան:

Սակայն Գանտահարեանը վստահեցուցած է, որ Լիբանանի հայ համայնքը կը շարունակէ ինքնակազմակերպման եղանակով կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնութիւն հասցնել, վարակակիրներուն կը փորձեն տեղաւորել հիւանդանոցներուն մէջ, համապատասխան ծառայութիւններ կ'աշխատին: Պէյրութէն դէպի Երեւան շաբաթը մէկ անգամ թռիչքներ կ'իրականացուին:

Նիւթը՝  «Արմէնբրէս»էն