«Ամէն մարդ կը կարօտնայ իր ծննդավայրը, մենք ստիպուած ձգեցինք Հալէպը»,- այսօր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագարողներուն ըսաւ 14-ամեայ Հրակ Գուզուեան: Հրակէն բացի այսօր Երեւան ժամանեցին 8 այլ հալէպահայեր, որոնց Երեւան տեղափոխուելու տոմսերուն գումարները տրամադրուած են «Հալէպ» կազմակերպութեան կողմէ:

Այսօր ժամանողներուն խումբին մաս կը կազմէ նաեւ Պապայեաններու ընտանիքը, որոնց անցնող ամիսներուն կը գտնուէին Պէյրութ եւ տեղի ծանր պայմաններուն չդիմանալով որոշեցին Հայաստան հաստատուիլ: Պապայեաններու բնակարանային հարցերու լուծումը ապահովուեցաւ անհատ բարերար Ռաֆֆի Տուտագլեանի աջակցութեամբ, իսկ անոնք այսօր օդակայանէն առժամեայ բնակարան մը փոխադրուեցան «Հալէպ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն օգնութեամբ:
Իր կարգին Ազատուհի Մինասեան ըսաւ. «Մեր տան բանալիները յանձնեցինք մեր հարեւաններուն»,- եւ յուզումանախառն ձայնով շարունակեց,-«Հալէպի մէջ դրութիւնը շատ վատ է եւ անցնող օրերուն ապահովական վիճակը բաւական վատթարացաւ եւ ոչ ոք կրնայ մեր անվտանգութիւնը ապահովել»:
«Արեւելք»ի այն հարցին թէ, արդեօ՞ք, օր մը կը վերադառանան Հալէպ, ան պատասխանեց. «Այս վիճակին մէջ անհնար է նոյնիսկ այդ մասին մտածել: Բայց, եթէ օր մը վիճակը լաւանայ, վստահաբար պիտի ուզենք մեր ծննդավայրը դարձեալ տեսնել»: Խօսելով Հայաստանի մէջ իրենց կեցութեան մասին, Ազատուհի ըսաւ. «Մենք բարձր վկայականներ չունինք, բայց աշխատասէր ժողովուրդ ենք: Իմ ամուսինս ալ աշխատասէր է, ան մինչեւ վերջերս գործ ունէր, բայց գործատեղը, որ կը գտնուէր Ռամուսէ շրջանին մէջ, գետնի հաւասար եղաւ, եւ այդ մէկը յաւելեալ պատճառ դարձաւ, որ մենք որոշենք Հալէպէն դուրս գալ»:
Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ օրերուն եւս հալէպահայեր Երեւան պիտի ժամանեն: Անոնք Երեւան կուգան Պէյրութ-Երեւան ուղիղ կամ Պէյրութ-Տուպայ կամ Շարժա թռիչքներով: Հայաստան ժամանող մեր հայրենակիցներու փոխադրութեան, տան եւ կեցութեան հարցերը մեծամասնութեամբ կը լուծուին «Հալէպ» կազմակերպութեան միջոցներով, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, «Հայ աւետարանական ընկերակցութեան Երեւանեան գրասենակ»ի եւ «Հալէպահայերու հարցերը համակարգող մարմին»ին ճիգերով: Տեղին կը համարենք նշել, որ այս հիմնարկները իրենց կարգին օժանդակութիւններ կը ստանան անհատ բարերարներէ, ՄԱԿ-ի երեւանեան կեդրոնէն եւ այլ բարեսիրական միութիւններէ: