Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակօ Սահակեանը 20 օգոստոսին ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան՝ Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր: