image
Հրատապ լուրեր:

Ազգայնամոլներ. «Գիշեր մը անսպասելիօրէն Ղարաբաղի մէջ պիտի յայտնուինք». գրած են Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատերուն

Ազգայնամոլներ. «Գիշեր մը անսպասելիօրէն Ղարաբաղի մէջ պիտի յայտնուինք». գրած են Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատերուն

Հերթական անգամ հակահայ գրութիւններ կը յայտնուին Պոլսոյ հայկական վարժարաններու պատերուն: Այս մասին  կը գրէ «Ակօս»ը, որ նաեւ կը յայտնէ որ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատերուն հակահայ բնոյթի գրութիւններ յայտնուած են: Ըստ աղբիւրին, ազգայնականները վարժարանի պատին գրած են. «Գիշեր մը անսպասելիօրէն Ղարաբաղի մէջ պիտի յայտնուինք»: Կը նշուի նաեւ, որ այս ուսումնական տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր յիշեալ դէպքը հայկական դպրոցներու պատերուն ռասիստական բնոյթի գրութիւններով աշակերտութեան մէջ վախի մթնոլորտ ստեղծելու արդէն երրորդ դէպքն է: Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ թուրք ազգայնականներ նմանատիպ գրութիւններով հանդէս եկած էին Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք եւ Քալֆայեան վարժարաններու պատերուն: Թուրքիոյ մէջ հրապարակուող հայկական պարբերականի տուեալներով, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլուի` երկրի վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին ուղղուած հարցումը մինչ օրս անպատասխան մնացած է: Թանրըքուլուն խնդրած էր Թուրքիոյ վարչապետին առիթ գտնելու պատագային պատասխանել, թէ ինչ պատիժ նախատեսուած է նման քայլեր իրականացնողներու համար։