Հերթական անգամ հակահայ գրութիւններ կը յայտնուին Պոլսոյ հայկական վարժարաններու պատերուն: Այս մասին կը գրէ «Ակօս»ը, որ նաեւ կը յայտնէ որ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատերուն հակահայ բնոյթի գրութիւններ յայտնուած են: Ըստ աղբիւրին, ազգայնականները վարժարանի պատին գրած են. «Գիշեր մը անսպասելիօրէն Ղարաբաղի մէջ պիտի յայտնուինք»: Կը նշուի նաեւ, որ այս ուսումնական տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր յիշեալ դէպքը հայկական դպրոցներու պատերուն ռասիստական բնոյթի գրութիւններով աշակերտութեան մէջ վախի մթնոլորտ ստեղծելու արդէն երրորդ դէպքն է: Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ թուրք ազգայնականներ նմանատիպ գրութիւններով հանդէս եկած էին Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք եւ Քալֆայեան վարժարաններու պատերուն: Թուրքիոյ մէջ հրապարակուող հայկական պարբերականի տուեալներով, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլուի` երկրի վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին ուղղուած հարցումը մինչ օրս անպատասխան մնացած է: Թանրըքուլուն խնդրած էր Թուրքիոյ վարչապետին առիթ գտնելու պատագային պատասխանել, թէ ինչ պատիժ նախատեսուած է նման քայլեր իրականացնողներու համար։