image

Այսօր եղած հրթիռարձակումներուն զոհուած է 49-ամեայ Գրիգոր Քահքէճեանը

Այսօր եղած  հրթիռարձակումներուն  զոհուած է    49-ամեայ Գրիգոր Քահքէճեանը

Այսօր Հալէպի  Սուլայմանիյէ շրջանին   վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհերուն  մէջ է նաեւ  հալէպահայ Գրիգոր Քահքէճեանը: Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք,  որ այսօր հրթիռներ ինկած են Հալէպի հայաշատ  թաղամասերէն համարուող Սուլայմանիյէ    թաղամասին վրայ: Հրթիռները,  բացի   նիւթական մեծ  վնասներէ, պատճառած են նաեւ մարդկային  տոյժեր: Ըստ նախնական  տուելաներու,   զոհուած են   3 անձեր  եւ կան տասը վիրաւորներ:

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռները ինկած  են Սուլայմանիէի   գլխաւոր պողոտան համարուող՝ Սոմար ճաշարանի շրջանը եւ  Սյուֆի  եւ      Քալաս թաղամասերուն  վրայ: Նախնական  տուեալներով   զոհերուն  մէջ  կայ նաեւ հայ տիկին մը, որուն  ինքնութիւնը  մինչեւ այս պահը չէ  պարզուած: