Այսօր Հալէպի Սուլայմանիյէ շրջանին վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհերուն մէջ է նաեւ հալէպահայ Գրիգոր Քահքէճեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք, որ այսօր հրթիռներ ինկած են Հալէպի հայաշատ թաղամասերէն համարուող Սուլայմանիյէ թաղամասին վրայ: Հրթիռները, բացի նիւթական մեծ վնասներէ, պատճառած են նաեւ մարդկային տոյժեր: Ըստ նախնական տուելաներու, զոհուած են 3 անձեր եւ կան տասը վիրաւորներ:
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռները ինկած են Սուլայմանիէի գլխաւոր պողոտան համարուող՝ Սոմար ճաշարանի շրջանը եւ Սյուֆի եւ Քալաս թաղամասերուն վրայ: Նախնական տուեալներով զոհերուն մէջ կայ նաեւ հայ տիկին մը, որուն ինքնութիւնը մինչեւ այս պահը չէ պարզուած: