Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու Վատիկանի մէջ հանդիպումը տագնապի մատնած է Էրտողանը: «Ի՞նչ կը նշանակէ Վատիկանի մէջ հանդիպիլ: Հռոմի պապը երբուընէ Միութեան անդամ եղաւ»,- ըսած է Էրտողան իր ելոյթին մէջ, աւելցնելով, «այդ խաչակիր դաշինքը ի վերջոյ իր դէմքը ցոյց տուաւ: Թուրքիոյ չէք արտօներ ԵՄ մտնել, քանի որ իսլամ ենք»:
Նշենք, որ 25 մարտին Եւրամիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները Հռոմ այցելած են Եւրոմիութեան կազմաւորման հիմքը դրած Հռոմի պատմական համաձայնագրի 60-ամեակի առթիւ: Այս առթիւ տեղի ունեցած է Միութեան անդամ 27 երկիրներու ղեկավարներու հանդիպում` մարդոց, ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ դրամագլուխի ազատ տեղաշարժի մասին հռոմէական համաձայնագիրի 60-ամեակին նուիրուած: