image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանէն արտագաղթը կը շարունակուի. BBC-ի հետաքննութիւնը

Ատրպէյճանէն արտագաղթը կը շարունակուի. BBC-ի հետաքննութիւնը

Ատրպէյճանի մէջ ծնած աւելի քան 1 միլիոն 147 հազար քաղաքացի այսօր կ'ապրին օտար երկիրներու մէջ, այս մասին կը վկայեն  Migration Policy Institute-ի վերջին տուեալները:

 

Թեման ուսումնասիրութեան ենթարկած է BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը եւ պարզած, որ վերոնշեալ 1 միլիոն 147 հազարէն միայն 767 հազարը կ'ապրի Ռուսաստանի մէջ: 82 000 ատրպէյճանցի մեկնած է Ուքրանիա, 48 000-ը՝ Ղազախստան, 20 000-ը հասած են ԱՄՆ, նոյնքան ատրպէյճանցի կայ նաեւ Ուզպէքստանի մէջ: Շուրջ 19 000 ատրպէյճանցիներ մեկնած են Գերմանիա, եւս 17 000-ը հաստատուած են Թուրքիոյ մէջ:

 

Որպէս երկրէն արտագաղթելու հիմնական պատճառներ BBC-ի ռուսական ծառայութեան ատրպէյճանցի զրուցակիցները նշած են աշխատանքը, անվտանգութեան հետ եղած խնդիրները, կեանքի ընդհանուր մակարդակը, կաշառակերութիւնն ու լաւ ապագայի հեռանկարի բացակայութիւնը:

 

Ոմանք շեշտած են, որ Պաքուի մէջ նոյնպէս ունէին լաւ աշխատանք, սակայն կաշառք վերցնելէ հրաժարելու համար զրկուած եղած են ասպարէզի մէջ աճի հնարաւորութենէն, ոմանք ալ նշած են, որ հայրենիքի մէջ իրենց ընկերներու մեծ մասը կա՛մ ունին շատ լաւ աշխատանք ու եկամուտ, կամ ալ ընդհանրապէս գործազուրկ են:

 

Քիչ չեն այն ատրպէյճանցիները, որոնք լքած են երկիրը սեփական անձի ու ընտանիքի անվտանգութեան համար ունեցած մտահոգութիւններէ դրդուած: Որոշ ատրպէյճանցի գաղթականներ կը շեշտեն նաեւ խոշոր քաղաքներէն դուրս կեանքի նորմալ պայմաններու բացակայութեան մասին:

 

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներու համաձայն՝ միայն այս տարուայ առաջին կէսին Ատրպէյճանի շուրջ 5000 քաղաքացի ձեռք  բերած են ՌԴ քաղաքացիութիւն:

 

Մինչդեռ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցած պաշտօնական վիճակագրութիւնը կը պնդէ բնակչութեան մշտական աճի ու դրական գաղթի մասին:

 

Ատրպէյճանի պետական վիճակագրական ծառայութիւնը կը պնդէ, որ 2016-ին երկիրը լքած է ընդամէնը 1700 մարդ, իսկ մշտական բնակութեան համար Ատրպէյճան ժամանած է  3200 մարդ:

 

Արտագաղթի գործընթացներու ուսումնասիրմամբ զբաղուող փորձագէտ Արիֆ Եունուսը Consortium for Applied Research on International Migration (CARIM) կազմակերպութեան համար ներկայացուցած իր ուսումնասիրութեան մէջ շեշտած է, որ գաղթի թեման լիովին քաղաքականացուած է Ատրպէյճանի մէջ եւ պետութիւնն այդպիսով կ'ուզէ համոզել մարդոց, որ ամէն բան երկրին մէջ հրաշալի է:

 

«Եթէ այդպէս է՝ ինչո՞ւ մարդիկ կը հեռանան», - նշած  է Եունուս: