image

Ատրպէյճանեան ուժեր կրակ բացած են Բերդ համայնքի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանեան  ուժեր կրակ  բացած  են   Բերդ  համայնքի ուղղութեամբ

 Ատրպէյճանի  զինուած  ուժեր   կրակ   բացած են  Տաւուշի կեդրոն համարուող  Բերդ   համայնքի ուղղութեամբ։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է   «Արմէնբրէս»  գործակալութիւնը, որ թեմայի  շուրջ   զրուցած է  Բերդի     համայնքի  ղեկավար  ՝ Յարութիւն  Մանուչարեանը։

 

 Այլ մանրամասնութիւններ չեն   հաղորդուած։

   Յիշեցնենք, որ   Տաւուշի սահմանային  հատուածներուն     լարուածութիւն    գրանցուած էր  կիրակի օր    Ատրպէյճանի  կողմէ    տեղի ունեցած        յարձակումէն ետք։

 

 

 Հայկական  զինուած  ուժերը իրենց    լաւագոյնը    կը կատարեն      իրավիճակը    կայուն  դարձնելու  նպատակով. Անոնք  նաեւ կարողացած են տիրապետութեան տակ առնել    Ատրպէյճանի բանակին պատկանող  յենակէտ մը։