image

Ատրպէյճան կրակ բացած է Տաւուշի ուղղութեամբ.Արծրուն Յովհաննիսեան

Ատրպէյճան  կրակ  բացած է Տաւուշի ուղղութեամբ.Արծրուն Յովհաննիսեան

Ատրպէյճանական սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները ՀՀ Տաւուշի հատուածին կրկին դիմած են սադրիչ գործողութիւններու։ Այդ մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Արդէն մի քանի օր է նոյն ուղղութեամբ ատրպէյճանական սահմանապահ ստորաբաժանումները կը կրակեն մեծ տրամաչափի գնդացիրներէ։

ՀՀ ԶՈւ-երու ստորաբաժանումները, որպէս կանոն կը դրսեւորեն զսպուածութիւն, սակայն թիրախային կրակոցները անպատասխան չեն մնար։ Այս սադրանքներու եւ անոնց բոլոր հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը պիտի մնայ Ատրպէյճանական կողմի վրայ։