image

Աթէնքի մէջ մզկիթ պիտի կառուցուի

Աթէնքի մէջ    մզկիթ  պիտի  կառուցուի

Turkishgreeknews.org կայքը կը յայտնէ, որ յունական խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուած էր մահմետականներու համար Աթէնքին մէջ մզկիթ կառուցելու օրինագիծը, որն  ընդունուած է  210 կողմ ձայնով: Կողմ քուէարկած են յատկապէս ռատիքալ ձախ «Սիրիզա»  կուսակցութիւնը եւ որոշ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Օրինագիծին  դէմ քուէարկած են «Անկախ Յոյներ» ու կուսակցութիւնը եւ ազգայնական «Ոսկէ արշալոյս» կուսակցութիւնը: Նշենք, որ Թուրքիոյ   իր  այն  օրերու պաշտօնակից Տաւութօղլուի  հետ  2015-ին   տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Յունաստանի վարչապետ Ալէքսիս Ցիբրաս խոստացած էր Աթէնքի մէջ մզկիթ  կառուցել: