Թուրքիոյ Ատանա քաղաքն մէջ բախում տեղի ունեցած է բնակիչներու եւ վրանային ճամբարի մէջ ապրող սուրիացի փախստականներու միջեւ, կը գրէ թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ բախման հետեւանքով տուժած է 5 մարդ, որոնք տեղափոխուած են հիւանդանոց: Հնչած կրակոցներէն ետք թաղամաս մտած են ոստիկանական ուժերը, սակայն մինչ այդ յարձակում գործողները կրցած էին այրել սուրիացիներու ճամբարի վրաններն ու կոտրած անոնց տեղափոխող մեքենաներու ապակիները:
Ոստիկանութեան աշխատակիցներու կողմէ թաղամասէն դուրս բերուած սուրիացի փախստականներու շարքին երեխաները քիչ եղած են:
