image
Հրատապ լուրեր:

Ասթանայի մէջ սկիզբ առած է Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններու 3-րդ փուլը. Ընդդիմութիւնը հրաժարած է մասնակցիլ

Ասթանայի մէջ սկիզբ առած է Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններու 3-րդ փուլը. Ընդդիմութիւնը հրաժարած է մասնակցիլ

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ սկիզբ առած է սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու 3-րդ փուլը, ուր մասնակցող կողմերու միջեւ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան: Այս մասին կը յայտնէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:

«Reuters»-ի փոխանձմամբ, Սուրիոյ ընդդիմութիւնը հրաժարած է բանակցութուններուն մասնակցելէն՝ պատճառաբանելով, որ նախագահ Ասատի աջակից Ռուսաստանը չուզեր վերջ տալ ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ օդային յարձակումներուն:


Ընդդիմութեան խռսնակ Ուսամա Ապու Զայիտ նշած է, որ բանակցութիւններուն չմասնակցելու իրենց որոշումը վերջնական է: Այդ մասին արդէն տեղեկացուցած են իրենց գլխաւոր աջակից՝ Թուրքիոյ: