Շուրջ քառասուն օր առաջ, Հնչակեան Կուսակցութեան մեծ ընտանիքը կորսնցուց իր հաւատաւոր զաւակներէն մին` ընկեր Արտօն:
Անոր երկրային կեանքը, դեռ նախաերիտասարդական տարիներէն, անքակտելիօրէն շաղկապուեցաւ իր սիրելի շրջանակին հետ: Կուսակցութիւն, Հ.Մ.Մ., Ն.Ս.Մ.Մ., Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւն դարձած էին իր ամէնօրեայ նիւթերը: Երբեմնի Հալէպի եռուն գաղութին մէջ աչքի կը զարնէր իր շեշտուած գաղափարականութեամբ եւ իր հերթին կը սատարէր այդ հայատրոփ գաղութին աշխուժացման: Հալէպէն անցնող ամէն հնչակեան ընկեր, տեղ մը, պահ մը, առիթով մը անպայման կը հանդիպէր անոր: Ըլլայ ակումբի մէջ, ժողովի ժամանակ, ընկերային հաւաքի կամ միութենական ձեռնարկի մը ընթացքին, անոր հանդիպիլը դարձած էր անգիր օրէնք: Եւ եթէ յաջող էր միութենական ընթացքը, աչքերու պլպլացումը կը մատնէր իր հոգեկան բերկրանքը: Բայց, ձգտելով աւելի լաւին, ուզելով տեսնել կատարեալը, չէր կրնար ծածկել իր խռովքն ու մտահոգութիւնը:
Տարիներու ընթացքին, սիրաշահելով հնչակեան շրջանակին վստահութիւնը, իր շուրջ ստեղծելով համակրական տրամադրութիւն մը, հետզհետէ ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ միութենական կեանքէ ներս, Վարիչ Մարմինի անդամութենէն մինչեւ Կիլիկեանի խնամակալութիւն, Հ.Մ.Մ.-էն ներս թէ Ն.Ս.Մ.Մ.: Ջերմ ընթերցող մը ըլլալով ՙԱրարատ՚ օրաթերթին, հաւատացած ըլլալով հնչակեան մամուլին առաքելութեան, Հալէպէն ներս չէր զլանար իր նպաստը բերելու թերթին յարատեւման` նիւթաբարոյական առումներով, զայն տարածելով եւ ընթերցողներ որոնելով:
Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Հալէպի ղեկավարութեան հոյլին երիտասարդ եւ գործունեայ անդամներէն մին էր շրջան մը: Հայրենասիրութիւնն ու գաղափարական ուխտապահութիւնը դարձուցած էր իր անյեղլի սկզբունքները: Ջերմօրէն կը հաւատար իր ապրած գաղութին կարեւորութեան հայ կեանքէն ներս եւ միշտ լաւատես` կը մնար կառչած անոր: Կազմեց իր ընտանեկան տաքուկ բոյնը, ուր իր զաւակները եւս թրծուեցան նոյն ոգիով ու դաստիարակութեամբ: Աւանդապահ, տոհմիկ արժէքներու հաւատացող եւ հայաշունչ ընտանիքի մը զաւակներ ըլլալու փաստը կը վկայեն նոյնինքն իր շառաւիղները:
Սուրիոյ քաղաքացիական արիւնալի պատերազմը հարուածեց նաեւ Հալէպը: Իր ծանր բաժինը կրեց հալէպահայութիւնը: Պատերազմին դաժանութիւնը իր աղէտալի հետքերը թողուց երբեմնի երջանիկ ու բանուկ պատմական քաղաքին վրայ: Ցիրուցան եղան ընտանիքներ, բեկոր-բեկոր տարտղնուեցան անոր որդիները: Ողջունելիօրէն դէպի հայրենիք չուեց անոր հայութեան ուշագրաւ զանգուածը եւ որուն մէջ էր ընկեր Արտօն: Նոր երդիք ունեցաւ Երեւանի մօտ` Առինջի մէջ: Նոր էջ բացաւ իր կեանքին մէջ, առանց խզելու իր պորտակապը կուսակցական կեանքէն թէ՛ Հալէպէն:
Ամէն Հայաստան այցելութեանս քանի մը անգամ կը տեսակցէինք բաժակ մը սուրճի շուրջ: Տարէցտարի ակնբախ էր անոր առողջութեան նահանջը: Իր նիւթերը նոյնն էին` Կիլիկեան Կրթարանը նախեւառաջ. պէտք է օժանդակել անյապաղ կերպով, կանգուն պահել դպրոցը, մեր դարբնոցն է Կիլիկեանը: Իր էութիւնն էր հալէպահայութեան գոյակռիւը` ազգային եւ գաղափարական իմաստներով:
Երեւի վիշտը խորացաւ հետզհետէ: Բաժանումները, կարօտը, անցելայուշ քաղցր դրուագները կրծեցին հոգին անոր: Թէեւ միշտ կապի մէջ էր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ, կը զգար անոնց որդիական ջերմութիւնը, սակայն կարօտը գորշ կապարի նման կը ճնշէր անոր վրայ: Եւ... անժամանակ հեռացաւ մեզմէ ընկեր Արտօն: Բոլորէն սիրուած ու յարգուած ընկեր Արտօն: Անշահախնդիր, անձնդիր, նուիրեալ ընկեր Արտօն:
Իր դիմագծութեան մաս կը կազմէին համեստութիւնը, լուռ աշխատանքը, ընկերասիրութիւնը, անկեղծութիւնը եւ սկզբունքներէ չշեղելու հետեւողականութիւնը:
Քառասուն օրեր մեզ կը բաժնեն այդ մռայլ պահէն` երբ առ յաւէտ հեռացար բոլորէս, ընկեր Արտօ: Կեանքդ իմաստաւորեցիր հայրենիքի ու գաղափարի նուիրումով եւ եղար ու պիտի մնաս օրինակելի ընկեր Հնչակեան Կուսակցութեան մեծ ընտանիքի անդամներուն յուշերուն մէջ:
Վարձքդ կատար: Հողը թեթեւ գայ վրադ, պատնէշի ընկեր:
Աւետիս Ռազմիկ
«Արարատ»