image

«Առօրեայ պատկերներ»ու կարօտով (Կարապետ Հաննէսեանի յիշատակին)

«Առօրեայ  պատկերներ»ու կարօտով  (Կարապետ Հաննէսեանի յիշատակին)

«Արարատ» օրաթերթի ցանկալի այցելուներէն էր: Անոր երեւումը թաքուն ուրախութիւն կը պատճառէր զիս: Պիտի հարցնէք` ինչո՞ւ: Նախ` գիտակցելով որ պէտք է խնայէ խմբագիրին սուղ ժամանակը, այցելութիւնները կ՚ըլլային կարճ եւ գործնական. երկրորդ` ձեռքին կþունենար քանի մը փոքր թուղթեր` վրան իր ինքնատիպ ձեռագիրով: Ուրեմն` նոր յօդուած բերած է պարոն Կարապետը, լաւ է, թերթը կը ճոխանայ ինքնուրոյն ստորագրութեամբ մը: Գոհ եմ, բայց գրաշարին դէմքը ծամածուռ է, քանզի ձեռագիր յօդուած մը շարելը յաւելեալ ճիգ կը պահանջէ: Իրօք, ձեռագիր թուղթերուն վրայ կարծէք մրջիւններ տողանցքի են ելած: Ինչեւիցէ` անոր գրութիւնները կը հետաքրքրեն ընթերցողը, փնտռուած է, կարճ կþըլլայ եւ քաղուած` կեանքի առօրեայէն:

 Հայ տիպ ու տառին անխոնջ զինուորներէն Կ. Հաննէսեան կանգնած էր մօտիկ մամուլին՝  ոչ միայն հետեւելով եւ ընթերցելով, այլեւ` յաճախակի աշխատակցութիւններով: Ան «Առօրեայ Պատկերներ» անունով սիւնակ ունէր «Արարատ»-ին մէջ, որոնք կ՚ըլլային խիտ եւ կարճ ակնարկներ: Լիբանան, լիբանանահայ գաղութ, դպրոց, գըրական-կրթական կեանք, կենցաղային եւ ընտանեկան նիւթեր, տօնական առիթներ, քաղաքացիական պատերազմ, լեզու եւ այլն, կը դառնային ուշադրութեան թիրախները իր լուսարձակին: Եւ ամենայատկանշականը` կ՚ըլլային երգիծախառն, հիւմըրով թաթաւուն: Ան կը խուսափէր գրել երկար-բարակ յօդուածներ, շօշափել խրթին եւ խճճուած հարցեր, գործածել ճոռոմ լեզու կամ վիրաւորական սլաք: Կ՚ըսէր ինչ որ պիտի ըսէր` բայց... համով-հոտով: Այսինքն` Կ. Հաննէսեան լիուլի կը գոհացնէր ընթերցողը եւ որուն համար ալ կը դառնար սիրուած գրիչ, իսկ մեզի համար ալ` բաղձալի սիւնակագիր:

 1996 թուականին առաւօտ մը, խմբագրատուն գալով յանձնեց 416 էջանոց հատոր մը` «Առօրեայ Պատկերներ» վերնագրով. մակագրուած` «Սիրով Ընկ. Աւօ Ռազմիկին»: Հոն կը գրէ. «Տեղի տալով ներկայացուած առաջարկներուն` լոյս կ՚ընծայեմ սոյն հատորը, ընտրովի յօդուածներ վերցնելով «Արարատ», «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերէն, ինչպէս նաեւ «Երիտասարդ Հայ» եւ «Մասիս» պարբերաթերթերէն»: Բարեբախտաբար, ան խոհեմութիւնը ունեցած էր մէկ կողքի տակ բերելու իր շարք մը յօդուածները, որոնք մինչեւ օրս, մեծ հաճոյքով, ամիսը հեղ մը անոնցմէ մին կը կարդամ: 16 Յունիս 1983-ին գրեր է.

     - Յոբելեա՞նդ կը տօնեն:

     - Ոչ, ես եմ, որ տօնել կու տամ:

     - Ի՞նչպէս:

     - Յոբելինական Յանձնախումբը` ե՛ս կազմեցի, ճառախօսները` ե՛ս գտայ եւ իրենց ըսելիքներուն մասին թելադրութիւններ ըրի, ՙսրտի խօսք՚ ըսողը եւ գեղարուեստական բաժնի մասնակիցները` ե՛ս կարգադրեցի: Միայն թէ... հանդիսութեան օրը, սրահէն ներս, Կարգադիր Յանձնախումբին մաս պիտի չկարենամ կազմել, քանի որ իբրեւ Յոբելեար` ստիպուած եմ առաջամասի կեդրոնական աթոռը գրաւել եւ... դերասանները դիտել:

 Ուրիշ մը.

 Թեւին տակ գիրք ծախող հեղինակը հպարտութեամբ ցոյց կու տայ իր տիկնոջ այն գրախօսականը` որ գրուած է իր մասին ու կþաւելցնէ.

     - Տեսա՞ր, սիրելիս, ի՜նչ մեծ գովասանքներ գրուած են գրքիս մասին, իսկ իմ անձս ներկայացուած է իբրեւ պատմաբան, վիպագիր, երբեմնի բանաստեղծ եւ այլն, եւ այլն:

     - Բայց ո՞վ է կեղծ ստորագրութիւն կրող այս գրադատութեան հեղինակը, հարց կու տայ տիկինը:

     - Մէկուն բան մը չըսես, ե՛ս եմ...:

 10 Հոկտեմբեր 1973-ին գրեր է «Կը Փնտռուի» խորագիրով երկար ցանկ մը, ահա անոնցմէ մաս մը.

     - Աղքատ մը` որուն զաւակները ոչ-հայկական նախակրթարան կ՚երթան:

     - Հարուստ մը` որուն զաւակները կը շարունակեն (եթէ սկսած են... ) հայկական երկրորդական վարժարան յաճախել:

     - Դպրոց մը` որ ՙբաց՚ չունենայ եւ եթէ նպաստներ չըլլան` գոցուելու վտանգին չենթարկուի:

     - Աշակերտ մը` որ վերամուտի այս օրերուն, երկու քիլոյէն պակաս գիրք-տետրակ շալկած չըլլայ:

     - Հարս մը` որ գոհ ըլլայ իր կեսուրէն:

     - Կեսուր մը` որ գոհ ըլլայ իր հարսէն:

     - Ամուսին մը` որ յաղթական դուրս ելած ըլլայ հարս-կեսուր վէճերէն:

     - Կին մը` որ հաւասար մօտեցում ունենայ թէ՛ իր եւ թէ՛ ամուսնին ընտանեկան պարագաներուն:

     - Նորահարս մը` որ յաճախ մայրը տեսնելու բաղձանք չյայտնէ:

     - Այր մը` որ երբեմն ծնողքը տեսնելու փափաքը ունենայ:

     - Աղջիկ մը` որ ամուսնութեան առաջարկ ներկայացնող թեկնածուներուն հարուստ ըլլալը կամ առնուազն օթօ ունենալը մտքէն չանցընէ:

     - Տանտէր մը` որ գոհ ըլլայ իր վարձակալէն:

     - Վարձակալ մը` որ գոհ ըլլայ իր տանտէրէն:

     - Օրէնք մը` որ լիուլի գոհացնէ թէ՛ վարձակալը եւ թէ՛ տանտէրը:

     - Գործաւոր մը` որ գոհ ըլլայ գործատէրէն:

     - Գործատէր մը` որ գոհ ըլլայ գործաւորէն:

     - Մաքսատան պաշտօնեայ մը` որ դժգոհի իր գործէն:

     - Լուրջ օրաթերթ կամ պարբերական մը` որ ՙբաց՚ չ'արձանագրեր:

     - «Բաց»ութիւններ (մերկութիւններ) հրատարակող թերթ մը` որ «բաց կու տայ» (կը վնասէ):

     - Թերթ մը` որուն բաժանորդները բարեխղճօրէն ժամանակէն իսկ առաջ բաժնեգին կը վճարեն:

     - Թերթավաճառ մը` որ գանձելի չունենայ:

     - Լրագրավաճառ մը` որ աշխարհիս «խաղաղութիւն» ցանկայ...:

     - Թերթ մը` որուն բոլոր յօդուածները կը կարդացուին հետաքրքրութեամբ:

     - «Գործի տէր մարդիկ» եւ... նոյնիսկ մտաւորականներ` որոնք թերթ կարդալու ժամանակ ունենան:

     - Ընթերցողներ` որոնք մտաւորականներուն գրածները կարդալու գլուխ ունենան...:

     - Հայ խմբագիր մը` որ օտար խմբագրին նախանձը շարժէ գէթ նիւթական գետնի վրայ:

 Սակայն, հրապարակագիր Կ. Հաննէսեանի անունը առաւելաբար կապուած է «Շիրակ» անուան հետ: «Շիրակ» ըսելով պիտի հասկնանք երկու պատկառելի կառոյց` հրատարակչատուն-տպարան-գրատուն եւ հայ երգի ու երաժշտութեան նուիրուած երգարաններու համայնագիտարան:

 1952-ին Կարապետ եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներ հիմը կը դնեն տպարանի մը, որ պիտի դառնար լիբանանահայ տիպ ու տառին ջերմ օճախներէն մին: Տպարանը իր մամուլի գլաններէն հայ ընթերցողին պիտի հրամցնէր արեւմտահայ, սփիւռքահայ թէ հայրենի գրողներէ բազմահարիւր գիրքեր, բառարաններ, երազահաններ, զուարճալի պատմութիւններու հատորներ, լեզուներ սորվելու զրուցարաններ, մանկապատանեկան հրատարակութիւններ եւ այլն: «Շիրակ»ը իր ուրոյն տեղն ունի լիբանանահայ գրական-մշակութային կեանքի պատմութեան մէջ: 2015-ին Երեւան լոյս տեսած «Հայ Գրատպութիւն Եւ Գրքարուեստ» խստադատ հանրագիտարանը նոյնիսկ անդրադարձած է անոր (հիմնադրութեան թուականը նշելով` 1946 թ.): Անկէ լոյս տեսան Շ. Ազնաւուր, Զ. Եսայեան, Յ. Ալփիար, Երուխան, Պ. Սեւակ, Լեռ Կամսար, Վ. Օշական, Ա. Ծառուկեան, Ա. Կռանեան, Պէպօ Սիմոնեանի գրեթէ բոլոր գործերը, Ե. Զարգարեան եւ այլն: Յիշատակելի է, որ Զ. Եսայեանի «Աւերակներուն Մէջ» գիրքը երբ մամուլի տակ էր, տպարանը թիրախ կը դառնայ ռմբակոծութեան, կը հրկիզուի եւ ապա վերականգնումէ ետք` գիրքը կը հրատարակուի կողքի նկարը` «Շիրակ» տպարանին վնասուած սարքերը, աւերակները... նոյն օրերուն` 1984-ին, հազիւ փրկուած էր նորատիպ երգարան մը` Յեղափոխական Երգարան` հնչակեան ազգային-յեղափոխական երգերը պարփակող:

 Միւս կողմէ, յեղափոխիչ դեր կատարած է ՙՇիրակ՚ երգարաններու շարքը (աւելի քան 30 հատոր): Ամէն տուն, ամէն տարիքի հայորդի, անպայմանօրէն իր ձեռքին ունեցած է ՙՇիրակ՚ի այս կամ այն հատորը: Խնամեալ, բարեխիղճ եւ հետեւողական աշխատանքի արգասիք` ուր մէկտեղուած են հայոց երգերուն դարաւոր գանձարանը` աշուղական, գուսանական, ազգային, էսթրատային, յեղափոխական, սիրային եւ այլն: Նաեւ` ծանօթութիւններ երգի, երաժիշտի եւ երգիչներու շուրջ: Յիրաւի` պատկառելի վաստակ` երաժշտասէր սերունդներու կտակուած:

 Յովհաննէս Հաննէսեան կը գաղթէ ԱՄՆ` Գալիֆորնիա, ուր կը զբաղի նաեւ գրականութեամբ` վէպեր եւ գիրքեր ընծայելով հայ գրականութեան: Ան աւելի հակուած էր գեղարուեստական գործերու վրայ:

 Կարապետ Հաննէսեան կը մնայ Պէյրութ, կառչելով Լիբանանին` հաւատալով անոր կայունացման եւ վերելքին: Տպարանը 1994-էն կը ստանձնէ իր որդիներէն մին` Վիգէնը: Գրատունը կը բանեցնէ միւս որդին` Յակոբը: Կ. Հաննէսեան յառաջացեալ տարիքի բերումով աստիճանաբար կը քաշուի հրապարակէն: Վերջին տարիներուն համարեա հիւծած էր ան եւ 18 Փետրուար 2019-ին հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին` 94 տարեկան հասակին: Ան հրատարակչական, հրապարակագրական եւ մշակութային նշանակալից վաստակ մը կը թողու իր ետին: Ան եղաւ, ապրեցաւ եւ մնաց համեստ մարտիկը հայ մամուլին, գիրին, տիպ ու տառին:

 «Արարատ» երախտիքով կը խոնարհի իր երբեմնի աշխատակիցի յիշատակին առջեւ:

 

 

Աւետիս Ռազմիկ