image

Արմէն Բայբուրդեանին կրկին շնորհուած է արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան

Արմէն Բայբուրդեանին կրկին շնորհուած է արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է Արմէն Բայբուրդեանին արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան շնորհելու մասին:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 3-րդ մասի եւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 21-րդ յօդուածի 1-ին մասի.


Լոս Անճելըսում Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Վահանի Բայբուրդեանին շնորհել արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան»,– ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Արմէն Բայբուրդեանը մինչեւ 2008 թուականը ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարարն էր, ԵՄ-ի հետ գլխաւոր բանակցող, սակայն ներքաղաքական գործընթացներու հետ կապուած, այսպէս կոչուած, «Դեսպաններու ուղերձը» ստորագրելուն համար ազատուած էր աշխատանքէն եւ զրկուած դիւանագիտական աստիճանէն: