Երէկ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ համարեայ պարէտային ժամ էր, կը յայտնէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, քաղաքի վաճառատուներու մեծ մասը փակ էին: Փակ էին նաեւ դպրոցները, մանկապարտէզներն ու հասարակական վայրերը:
Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ նախանցեալ օրուան ընթացքին Դամասկոսի բնակելի թաղամասերուն վրայ 114 հրթիռ տեղացած է, որուն հետեւանքով 13 քաղաքացի զոհուած է եւ 77 անձ վիրաւորուած:
«Սանա» լրատուական գործակալութեան տուեալներով, երէկ տեղացած 22 հրթիռներուն հետեւանքով 9 անձ վիրաւորուած է: