image

Արդեօ՞ք սկիզբ առաւ Արսէլի «Զէրօ ժամ»ը

Արդեօ՞ք  սկիզբ առաւ Արսէլի «Զէրօ ժամ»ը

«Հըզպալլա»ի  առաջնորդ Սայիտ  Հասան Նասրալլայ՝ի  երէկ երեկոյեան     արտասանած  խօսքին մէջ  կարեւոր  շեշտադրումներ կային    «Արսէլ»  աւանի   կապակցութեամբ:   Նասրալլա, որ  իր  խօսքը ուղղեց   Արսէլ աւանի՝   յատկապէս լեռնային հատուածներուն     մէջ  դիրքաւորուած      զինեալներուն,   հաստատեց, որ այս       վերջին  անգամն է, որ կը խօսի     Արսէլի թեմայով: Ան նաեւ  զինեալներէն   պահանջեց   անձնատուր ըլլալ կամ   հեռանալ   լիբանանեան    հողերէն:

Արսէլ   աւանի  «պատմութիւն»ը  նորութիւն մը չէ:   Սուրիոյ պատերազմի  թէժացումէն ասդին     այդ  պատերազմին    «վառօդ»ը հանդիսացող    մէկէ  աւելի ահաբեկչական խմբաւորումներու  անդամ զինեալներ նախընտրեցին    «իրենց»  կռիւը   լիբանանեան   հողերէն շարունակել:

 

Անոնք  նոյնպէս    Լիբանանի    «ներս»ին ուղղուած    գործողութիւններ  ծրագրեցին ու  շատ մը       առիթներով       հարիւրաւոր   անմեղ    լիբանանցիներու կեանքը  թիրախ դարձնելով      ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացուցին:

Զինեալներու    պատասխանատուներ տարբեր առիթներով    յայտարարեցին, որ իրենց  գերագոյն նպատակը «Հըզպալլա»ն  հարուածելն էր, որ իրենց   կարծիքով կը խանգարէր  ահաբեկիչներու ծրագիրները  Սուրիոյ մէջ:

 

Նոյն զինեալներ    տասնեակ  գործողութիւններ  կատարեցին  լիբանանեան  բանակի     տարբեր  ստորաբաժանումներուն եւ կեդրոններուն  դէմ ու          գերեվարեցին    երեսունէ աւելի զինուորներ, որոնց մեծ  մասը    փոխանակման          համաձայնութեամբ   մը  ազատ    արձակուեցաւ:

 

Արսէլի լեռնային  հատուածները   դարձան  ահաբեկիչներուն համար «ազատ գօտի»ներ,  ուր «Տահէշի» եւ «Ալ Նուսրա ճակատ»ի    խմբաւորումներ          իրենց  աշխատանքները  «համակարգեցին»  եւ    յաջողեցան  կապ  ըլլալ   Սուրիա  գտնուող    զինեալներուն եւ   Լիբանանի  մէջ առկայ  « լուռ   բջիջներ»ուն դէմ:

 

Անոնք նաեւ      լոժիսթիք,   սնունդի  եւ       թմրեցուցիչի    իրենց հարցերը լուծեցին եւ        յատկապէս «Արսէլ»  շրջանի  բնակիչներուն համար դարձան    ահ ու սարսափի  աղբիւր:

 

Այս   բոլորէն   անդին      Լիբանանի  համար  բաւական  լուրջ եւ  նուրբ  հարց է «Արսէլ» աւանի   խնդիրը,  որովհետեւ   այդտեղ   կը բնակին  սուրիացի  հազարաւոր    փախստականներ, որոնց մեծ մասը      սիւննի  համայնքի  անդամներ  են ու նաեւ դէմ  են Սուրիոյ  իշխանութիւններուն:  Ու    կայ նաեւ   «Հըզպալլա»ի      Սուրիոյ  պատերազմին  մասնակցութեան   հարցը, որ      երկուքի կիսած է Լիբանանի  հասարակութիւնը: Մինչ շիիթ   ճամբարին համար «Հըզպալլա»ի     Սուրիոյ   պատերազմին մասնակցութիւը    Լիբանանը  պահպանելու միտուած    «նախայարձակ»   քայլ մըն է, անդին արեւմտամէտ   եւ Սէուտամէտ  «պլոքներ»ուն համար  «Հըզպալլա»  իր վարմունքով    հանդէս  կու գայ, որպէս «ինքնիշխան» միաւոր եւ  Սուրիոյ    «ներքին գործեր»ուն մէջ    միջամուխ ըլլալով   յաւելեալ «գլխու ցաւեր»    կը բերէ Լիբանանին:

Այս  ընդհանուր պատկերին առջեւ  կարեւոր դեր մը վերապահուած է Լիբանանպի նախագահին ու       երկրի բանակին  ընդհանուր հրամանատարութեան,   որոնք     պէտք  է   տէրը դառնան    զինեալ  որեւէ  գործողութեան       ազդանշանին:

Ու հոս է նաեւ, ոօր քննութեան առջեւ  է   զօր. Աունի   նախագահութեան  հանգրուանը:

 

Իրադրութիւնը բաւական բարդ է, ու  «Հըզպալլա»,  նախազգալով   որոշ վտանգներ,    կը պատրաստուի «մահացու  հարուած»  մը տալ ահաբեկիչներուն, որոնց   մէկ հատուածին մօտ    մինչեւ այս պահը  գերեվարուած  կը մնան    բանակի տասը   զինուորներ:

 Այս բոլորէն  զատ   կայ նաեւ Սուրիոյ    իշխանութեանց հետ յարաբերութիւններու եւ փախստականներու խնդիրը, որոնք  աւելի կը բարդացնեն «Արսէլ»ի հարցը:

 

Ամէն պարագայի       «Հըզպալլա»ի  եւ անոր առաջնորդին  գործունէութեան հետեւած    վերլուծաբաններուն համար     բացայայտ է, որ Նասրալլա «օդին մէջ կրակել»ու սովորութիւն չունի ու անոր  ըրած  յայտարարութիւնները   կը յուշեն, որ «դանակը հասած է ոսկոր»ին:

 

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի  ներքին    «բաժանումներ»ուն             կարելի է ըսել, որ Լիբանանի   վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ    իր «նոր վերադարձ»էն  ի վեր     քաղաքական   իրադրութիւնը  հաւասարակշռելու      համար կարեւոր  քայլեր ձեռնարկեց,  կը սպասուի, որ ան նաեւ   այս  կարեւոր «քննութիւն»ը   անցընէ եւ    կարեւոր  ճիգեր  գործադրէ երկրին մէջ առկայ,  բայց   շատ փխրուին   «ներքին  տան» համաձայնութիւնը  պահպանելու  համար:

 

Աւարտին  հարկ է նշել,  որ  եթէ Արսէլի  ճակատամարտը   սկիզբ առնէ,  ապա  ան իր   դրական  ազդեցութիւնը  պիտի ունենայ նաեւ  սուրիական   գետնին  վրայ, բացի անկէ, որ   այդպիսի   գրոհ մը կրնայ  բաւական  սուղ   արժել եւ  «Հըզպալլա»ին եւ լիբանանեան բանակին  վրայ: