image

Իրանի դատական համակարգի Նախագահ Ռաիսին փոխարինող ունի

Իրանի դատական համակարգի Նախագահ Ռաիսին փոխարինող ունի

Իրանի գերագոյն առաջնորդ, այաթոլլա Ալի Խամենէին Ղոլամ Հոսէյն Մոհսենի Էճէյին նշանակած է Իրանի դատական համակարգի ղեկավարի պաշտօնին, որուն վերջինս պիտի փոխարինէ Էպրահիմ Ռայիսիին:


Ինչպէս կը հաղորդէ «Թասնիմ» գործակալութիւնը հոգեւոր առաջնորդը պաշտօնական հրամանգիրը արձակած է հինգշաբթի: Այաթոլլա Խամենէին շնորհակալութիւն յայտնած է Ռայիսիին աւելի քան 2 տարուան պաշտօնավարման ընթացքին իր դրսեւորած բարձրարժէք ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծած է նորանշանակ Էճէյիի արժանիքներն ու երկարամեայ աշխատանքը դատական համակարգին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Իպրահիմ Ռայիսին յաղթած է 18 Յունիսին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն եւ երկրի ղեկավարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ 3 Օգոսոտոսին: