Արցախեան արեւելեան սահմանին վրայ նահատակուած է 1997 թուականի ծնունդ Սարգիս Դաւիթ Օհանեանը: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Կը նշուի, որ 19 -ամեայ զինծառայողը նահատակուած է ռումբի պայթումի հետեւանքով: Աղբիւրը կը յայտնէ, որ երէկ գիշեր ծանր հրաձգութիւն գրանցուած է: